Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կենսակա՛ն է, որ ձեւաւորուի ընդդիմութեան միասնական ղեկավարութիւնը եւ ան դիմագրաւէ այս թուականը. Կարօ Արմենեան. «Ասպարեզ»

Հունիս 12,2026 10:57 Share

Երկու Այրող Հրամայականներ Ընտրութիւններու Վաղորդայնին

(Ա) Անկախ իշխանական դաշտի ընտրակեղծիքներէն, որոնք ամէն օր աւելի կը բացայայտուին, այնուամենայնիւ անուրանալի է, որ Փաշինեանի ստացած քուէներու կազմախօսութեան յստակօրէն մաս կը կազմէ «համակրական» քուէի կարեւոր շերտ մը։ Խօսքս չի վերաբերիր ահաբեկեալ քուէին։ Յայտնօրէն ՀՀ քաղաքացիներու խաւ մը կայ, որ բացէ ի բաց կեցած է այս յանցագործ իշխանութեան կողքին։ Անկասկած ասոնք այն մարդիկն են, որոնք անձնապէս նպաստաւորուած են (կամ շլացա՛ծ) փաշինեանական համակարգի «բարիք»ներէն։ Մէկ մասը՝ իշխանութեան հետ ուղիղ շահակցութեան դիրքերէ եւ մէկ կարեւոր մասն ալ՝ յոյսեր կապելով Փաշինեանի եւ իր արեւմտեան հովանաւորներուն յօրինած սուտ խոստումներուն։ Կարեւորը, սակայն, այն է, որ «համակրական» այս շերտը – որքան ալ՝ առայժմ վտիտ — մեծ նշանակութիւն ունի վիշիական այս իշխանութեան ապագային համար։ Ան չէ ծնած քաղաքական գործընթացի բնականոն առճակատումներէն։ ԱՆ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ՅԱՏՈՒԿ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԹՈՒՐՔԵՒԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ, ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐՔՆԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ ԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԱԾ Է ՅՍՏԱԿ ՆՊԱՏԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ։ ԱՆԻԿԱ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԽԱՐԻՍԽ ՄԸՆ Է, ՈՐՈՒՆ ՎՐԱՅ — ԱՆԿԱՍԿԱ՛Ծ — ՄԵԾ ՆԵՐԴՐՈՒՄ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ԻՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԶԱՅՆ ՏԵՒԱԲԱՐ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՎ, ԶԱՅՆ ԲԵՒԵՌԱՑՆԵԼՈՎ, ԶԱՅՆ ԸՆԴԼԱՅՆԵԼՈՎ ԵՒ ԶԱՅՆ ՎԵՐԱԾԵԼՈՎ ԵՆԻՉԵՐԻԱԿԱՆ ՏԻՊԻ ԱՊԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԻ ՄԸ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ ԼՈՒԾԱՐԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ։

Պարզ խօսքով, թշնամիին ծրագիրն է կազմաքանդել հայ անկախ պետականութիւնը ՀՀ քաղաքացիի՛ն իսկ ձեռքերով։ Հետեւաբար ընդդիմութեան մեծ խնդիրն է վճռակամութեամբ դիմագրաւել այս մեծ մարտահրաւէրը եւ պաշտպանել մեր ժողովուրդը հասարակութեան այս ախտին դէմ։ Այս առումով, ընդդիմութիւնը դուրս եկած է այս ընտրութիւններէն լծակային կարեւոր առաւելութեամբ մը։ Ան փակած է ճամբան փաշինեանական համակարգի միահեծան գործունէութեան, անոր զլանալով երեք հինգերորդի մեծամասնական շեմը։ Հետեւաբար այսօր կը մտնենք պայքարի մէկ նոր փուլ ընդդիմութեան ձեռքերուն մէջ ունենալով այս կարեւոր ուժականութիւնը։

Աւելցնենք անմիջապէս, որ այս ուժականութիւնը դեռ պէտք է ամրագրուի ընդդիմութեան ուժերու կուռ միասնականութեամբ եւ քաղաքական կամքով։ Քաջ գիտնալով, որ այս զէնքը զէնք չէ, եթէ ան դատապարտուած է զինարանին մէջ մնալու։ ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը խոստանայ քուէներու վերահաշուարկի արդիւնքները հրապարակել Յունիսի 14ին։ Հրամայական է, կենսակա՛ն է, որ անմիջապէս ձեւաւորուի ընդդիմութեան միասնական ղեկավարութիւնը եւ այս վերջինը մեծ ուժականութեամբ դիմագրաւէ այս թուականը։

(Բ) Նկատի առնելով իրերու այս բարդ դրութիւնը՝ կարեւոր է, որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուի խնդրայարոյց այն իրողութիւնը, որ ՀՀ ընդդիմադիր դաշտը ընտրութիւններուն ներկայացաւ կոտորակուած կազմախօսութեամբ։ Ընդդիմութեան առաջատար ուժերը – թէեւ քաղաքականօրէն մէկզմէկու համադիր – այնուամենայնիւ չկարողացան միացեալ թեկնածուով ներկայանալ ընտրական դաշտին։

Կարօ Արմենեան

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930