«Մեր արմատներուն կառչիլ՝ վերանորոգելով ու վերակենսաւորելով զանոնք»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ երիտասարդներու միջեւ անկեղծ ու մտերմիկ երկխօսութեան հաւաք մը։
Երիտասարդները այդ երեկոյ, իրենց հարցումներուն, մտահոգութիւններուն ու առաջարկներուն միջոցով, ո՛չ միայն իրենց ձայնը լսելի դարձուցին, այլեւ իրենց մտածումներն ու ակնկալութիւնները բացին Հայրապետին առջեւ։ Նորին Սրբութիւնը հայրական ջերմութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ լսեց զանոնք՝ անոնց հետ խօսելու, մտածելու եւ միասին լուծման ճանապարհներ որոնելու տրամադրութեամբ։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան հոգեւոր խորհրդատու եւ Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան։ Հայր սուրբը նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին՝ նման գեղեցիկ առիթ մը ընծայելու համար, ապա յանուն երիտասարդներուն իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին, որ իր բազմազբաղ առօրեային մէջ միշտ կը գտնէ ժամանակ՝ երիտասարդներուն հետ ըլլալու, զանոնք լսելու եւ անոնց ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ արժեւորելու։
Կարդացեք նաև
Առաջին հերթին, Հայրապետը իր մօտեցումն ու պատկերացումը յայտնեց երիտասարդներուն՝ շեշտելով անոնց կարեւոր տեղն ու առաքելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր կառոյցներուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մէջ։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ մենք յաճախ սովոր ենք երիտասարդներուն ըսելու, թէ ի՛նչ ընեն եւ ի՛նչ չընեն, այլ խօսքով՝ անոնց թելադրելու։ Այս գծով Հայրապետը ըսաւ. «Երիտասարդներու հետ մեր յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ երկխօսութեան եւ ո՛չ թէ միակողմանի թելադրանքի։ Երիտասարդը պէտք է ո՛չ միայն լսէ, այլեւ խօսի։ Պէտք է ո՛չ միայն իրեն հետ խօսիլ, այլեւ զինք լսել, հասկնալ եւ անոր հետ միասին մտածել»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց ինքնաքննական ոգիով մօտենալու կարեւորութիւնը՝ ընդհանրապէս մեր կեանքին ու յատկապէս ինքնութեան առնչուած խնդիրներու գծով։
Հայրապետը նաեւ ընդգծեց երիտասարդներու ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքին մէջ՝ ըսելով. «Դուք իբրեւ երիտասարդներ ըսելիք եւ ընելիք ունիք եւ պէ՛տք է ունենաք։ Սակայն միշտ պէտք է նկատի ունենաք մեր արմատները։ Պէտք չէ արմատախիլ ընել, այլ նոր զարգացումներով ու նոր մօտեցումներով զանոնք վերակազմակերպել, վերանորոգել եւ վերահզօրացնել»։
Այս խօսքերուն մէջ յստակ էր Հայոց Հայրապետին պատգամը. երիտասարդութիւնը նորութիւն բերելու կոչուած է, բայց ո՛չ՝ իր արմատները մոռնալու։ Նոր ճիւղեր կրնան աճիլ միայն այն ատեն, երբ ծառը ամուր կառչած մնայ իր արմատներուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտը դնելով երիտասարդներու գործօն մասնակցութեան վրայ՝ ընդգծեց, որ միասին պէտք է մտածենք, թէ ինչո՛ւ շատ մը երիտասարդներ հեռու կը մնան մեր կեանքէն։ Անհրաժեշտ է անոնց հետ երկխօսիլ, լսել անոնց ձայնը, հասկնալ անոնց մտահոգութիւնները եւ զանոնք հրաւիրել մեր կեանքէն ներս՝ ո՛չ միայն ներկայ ըլլալու, այլեւ միասին գործելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու։
Ապա, Հայրապետը լայնօրէն բացաւ երկխօսութեան դուռը եւ երիտասարդներուն առիթ տուաւ շուրջ երկու ժամ ուղղելու իրենց հարցումները, ներկայացնելու իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները։ Ան հայրական ջերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ պատասխանեց բոլորին։ Այդ պահը վերածուեցաւ պարզ հարց-պատասխանի մը սահմաններէն անդին։ Տեղի ունեցաւ հօր ու որդիի միջեւ մտերմիկ ու անկեղծ զրոյց մը, ուր հարցումներուն ետին կար երիտասարդներու որոնումը, մտահոգութիւններուն ետին՝ իրենց եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրը, իսկ առաջարկներուն՝ աւելի կենդանի եւ աշխոյժ հոգեւոր կեանք մը կենսագործելու փափաքը։
Այս անկեղծ երկխօսութեան ընթացքին երիտասարդները ներկայացուցին իրենց առաջարկներն ու կարիքները՝ մասնաւորաբար արտայայտելով Աստուածաշնչական, ծիսական եւ Սուրբ Պատարագի բացատրութիւններու, ինչպէս նաեւ երգեցողութիւններու մասին աւելի խոր գիտելիք ու փորձառութիւն ձեռք բերելու փափաքը։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջեց երիտասարդներու խնդրանքին։ Անոր օրհնութեամբ, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներու կազմակերպութեամբ, Կաթողիկոսարանիս մէջ, Չորեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդական Աստուածաշնչական առաջին սերտողութիւնը։
Այսպիսով, հանդիպման երկխօսութիւնը չմնաց իբրեւ գեղեցիկ յիշատակ, այլեւ դարձաւ նոր քայլի մը սկիզբը։ Երիտասարդներուն հարցումները դարձան նոր նախաձեռնութիւններու առիթ, իսկ անոնց փափաքները՝ նոր ճանապարհի մը բացում։
Այսպէս, երեկոյի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդները կոչեց «Հաւատքի Վկաներ»։
Երիտասարդներուն համար այս կոչը նո՛ր առաքելութիւն մըն է՝ իրենց կեանքով վկայելու Քրիստոսի մասին, իրենց ներկայութեամբ շէնցնելու Եկեղեցին եւ իրենց հաւատքով լուսաւորելու այն միջավայրը, որուն մէջ կ՚ապրին։
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ


















































