Vatican News. Տերսիմի Հոզաթ գաւառի Կեչիմլի գիւղին մէջ գտնուող 975-ին կառուցուած հազարամեայ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, տարիներ շարունակ անխնամ մնալով, այսօր փլուզման անմիջական վտանգի տակ է եւ վնասուած է թէ՛ բնական պայմաններու, թէ՛ գանձախոյզներու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։ Գիւղի բնակիչները կը պահանջեն եկեղեցւոյ վերականգնումը՝ որպէս պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան կարեւոր կեդրոն, մինչդեռ եկեղեցին 1915-էն ի վեր չէ գործած եւ անոր պատերուն վրայ տակաւին պահպանուած են հայատառ արձանագրութիւններ։
Քարաշէն ճարտարապետութեամբ, կամարակապ մուտքով եւ պատերու քանդակազարդերով յատկանշուող եկեղեցին Տերսիմի բազմամշակութային անցեալի կարեւորագոյն վկաներէն մէկը կը նկատուի։ Սակայն կառոյցը երկար տարիներէ ի վեր չէ վերանորոգուած եւ շարունակաբար կը վնասուի թէ՛ բնական պայմաններու եւ թէ գանձախոյզերու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։ Եկեղեցւոյ քարերէն մաս մը վնասուած կամ գողցուած է, մինչ մնացեալ պատերուն վրայ զանազան գրութիւններ արձանագրուած են։
Աղբիւրը՝ Արեւելք


















































