Սկզբնական շրջանին ասիկա կը թուէր ըլլալ արշաւ մը, որ նպատակ ունէր շուտով ջախջախելու Իրանի ռազմական եւ կորիզային կարողութիւնները, սակայն վերածուած է երկարատեւ առճակատման մը։
Բազմիցս կը կարծուէր, թէ դիւանագիտութիւնը կրնայ ինքզինք պարտադրել, որպէսզի կողմերը յանգին համաձայնութեան մը, որ կը ներառէ Իրանի կորիզային ծրագիրը, պատժամիջոցներու մեղմացումը եւ Հորմուզի նեղուցի ճամբով ազատ նաւագնացութեան ապահովումը։ Օմանի եւ Փաքիստանի կողմէ որոշ շօշափելի միջամտութիւններ, սակայն՝ թէ՛ Ուաշինկթըն եւ թէ՛ Թեհրան կը մնան տարակարծիք։ Նոյնիսկ նախագահ Թրամփ, որ ծանօթ է իր արագ հակազդեցութիւններով եւ փորձառու առեւտրականի արտայայտութիւններով, սկսած է հետզհետէ այս նիւթին շուրջ բեմահարթակ չբարձրանալ։
Ա․Մ․Ն․ նաեւ երկարաձգած է տարածաշրջանին մէջ իր ռազմական յաւելեալ ներկայութիւնը մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջան, բան մը, որ կը վկայէ, թէ առճակատումը պիտի ըլլայ երկարատեւ։
Շարունակուող մարտերը ցոյց կու տան, թէ որքան դժուար դարձած է Իրանի հակամարտութիւնը առանձնացնել Միջին Արեւելքի աւելի բարդ անվտանգային ճգնաժամէն։ Հետեւաբար, հակառակ վերջին ամիսներու համեմատաբար ստեղծուած հանդարտութեան, Իրան-Իսրայէլ նոր առճակատում մը կրնայ վերսկսիլ։ Յստակ է, թէ Իրանի կորիզային կամ ռազմական ենթակառոյցներուն դէմ իսրայէլեան որեւէ մեծ հարուած մը կրնայ նոր կացութիւն մը ստեղծել՝ իրանեան հրթիռային յարձակումներով, եւ պարտադրել, որ Միացեալ Նահանգները ուղղակիօրէն միջամուխ ըլլայ աւելի լայն ռազմական արշաւի մը։
Կողմերէն ոչ մէկը կ՛ուզէ զիջիլ, սակայն երկուքն ալ կարծես պատրաստ չեն ձեռնարկելու այնպիսի գործողութեան մը, որ կրնայ վճռականօրէն վերջ տալ հակամարտութեան։ Արդիւնքը պիտի ըլլայ պատժամիջոցներու շարունակութիւն, պարբերական հարուածներ, նաւագնացութեան դէմ յարձակումներ եւ տնտեսական անկայունութիւն, մէկ խօսքով՝ փոքր պատերազմներ։
Ներկայ իրադարձութիւնը ցոյց կուտայ, թէ Իրանը կրած է ռազմական եւ տնտեսական հսկայական վնասներ, սակայն կառավարութիւնը կը շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ եւ, հակառակ այս բոլորին, տակաւին ունի զգալի հրթիռային կարողութիւններ ու տարածաշրջանային ազդեցութիւն։
Կարդացեք նաև
Միւս կողմէն, ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգները ցուցադրած է ճնշող ռազմական գերակայութիւն, սակայն ցայսօր չեն կրցած այդ գերակայութիւնը օգտագործել եւ վերածել քաղաքական համաձայնութեան մը։
Տնտեսական հետեւանքներուն մասին շատ խօսուեցաւ։ Աշխարհի նաւթի մատակարարման մօտ մէկ հինգերորդը սովորաբար կ՛անցնի Հորմուզի նեղուցէն՝ զայն դարձնելով աշխարհի ռազմավարականօրէն կարեւորագոյն ուժանիւթի ուղիներէն մէկը։ Քարիւղի բարձր գիները կը փաստեն այս իրողութիւնը եւ երկարատեւ խափանում մը կրնայ ստեղծել համաշխարհային ուժանիւթի նոր ճգնաժամ մը։
Ըստ երեւոյթին՝ Հերմուզի նեղուցը երկար ժամանակ պիտի մնայ անշարժ եւ անոր ջուրն ալ՝ պղտոր։ Եւ այս բոլորը Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական գործողութեան 25-րց տարելիցի օրերուն։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում


















































