Օտարերկրեայ դիւանագէտներու մասնակցութիւնը պետութեան կողմէ կազմակերպուած շրջագայութեան մը, կը նշանակէ անոնց կողմէ Ատրպէյճանի բոլոր քաղաքականութիւններու հաւանութիւնը։ Դեռ աւելի՛ն. այս այցելութիւնը կրնայ նշանակել բնականոնացում։
Լուսանկարները, տեսերիզները, կերուխումն ու ազերիական «տոհմիկ» գեղարուեստական յայտագիրը կը նշեն «օրինականութիւն եւ ճանաչում», այնքան մը, որ իրավիճակը «վերջնականապէս կարգաւորուած է»։
Պարզ է։ Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ այս այցելութիւնը կ՛ապացուցէ երկրի գերիշխանութիւնը, վերականգնումը եւ կայունութիւնը։
Արդեօք հայ ժողովուրդին ապագան վճռող 19 Բաղրամաեան պողոտայի աթոռներուն կառչած պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը չե՞ն գիտակցիր, թէ այսպէս լուռ մնալով, հայկական բնակչութեան անհետացումը գրեթէ անտեսանելի եւ անաղմուկ կը դառնայ։
Կարդացեք նաև
Անզգայ դարձած ենք բոլորս, Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի վրայ պարապ-սարապ ճեմողէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքահայ օճախներու հայորդիները։
Հայոց պատմութեան էջերը դատարկ չեն։ Հոն փարթամ յուշամատեան կայ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում


















































