Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, կամ, ինչ որ հաւանաբար աւելի ճիշդ է, պաշտօնա՛նկ եղաւ:
Հայաստանի ապագայով մտահոգ մարդիկ, այս պաշտօնանկութենէն ի՛նչ պէտք է սպասեն: Շատեր, շատ շատեր, այս փոփոխութիւնը պիտի նկատեն նախագահ Սերժ Սարգսեանի ճատրակի հերթական մէկ քայլը, ինչ որ՝ ներքին խոհանոցի հարցեր լուծելու նպատակով:
Կառավարութեան վերջերս միացած մեր կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, դիրքորոշումը բանաձեւուած է Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի կողմէ, որ կը խօսի նոր որակով երկիրը կառավարելու անհրաժեշտութեան մասին, ինչ որ, անշուշտ, անյետաձգելի՛ է:
Կառավարութեան կազմէն ո՞վ պիտի մնայ եւ ո՞վ դուրս գայ՝ տակաւին յայտնի չէ: Նոր կազմը պիտի կարենա՞յ որակական փոփոխութիւն մտցնել երկրին մէջ, պիտի կարենա՞յ ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչել, թէ բան մը պիտի փոխուի եւ պիտի փոխուի դէպի լաւ։
Նախագահը, Հանրապետական կուսակցութեան երէկուան նիստին, ինք եւս շեշտած է որակական փոփոխութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
Նոր սահմանադրութեան մէջ ներմուծուած գաղափարներուն «իսկապէս միս ու արիւն» պէտք էր տալ, յայտնած է նախագահը՝ փորձելով ցրուել սահմանադրութեան փոփոխութիւնը իշխանական ուրիշ հաշուարկումներու ծառայեցնելու մասին տարածուած քննադատութիւնը:
Նախ՝ տնտեսական բարեփոխումներ կ՛ուզէի իրականացած տեսնել, որմէ ետք պիտի իրականացուէին քաղաքական փոփոխութիւնները, ըսած է նախագահը: Սակայն, նախագահին «վաղուց ակնյայտ դարձած է», որ առանց քաղաքական փոփոխութիւններու՝ տնտեսական վիճակի բարելաւում կարելի չէ՛ ակնկալել:
Ուրեմն, այսօր արդէն «բոլորն են տեսնում քաղաքական բարեփոխումների անհրաժեշտութիւնը: Քաղաքական բարեփոխումները ենթադրում են նախեւառաջ քաղաքական մշակոյթ: Քաղաքական բանավէճերի ու երկրի առջեւ ծառացած խնդիրների լուծման նոր եղանակներ, ուժի դիրքերից քաղաքական ընդդիմախօսների հետ խօսելու բացառում, քաղաքական համակարգում նպատակասլաց ու գաղափարներով լի մարդկանց ազատ մուտք, խորհրդարանը երկրի թիւ մէկ ամբիոնի վերածում, երկրի առջեւ ծառացած խնդիրների շուրջ երկրի բոլոր կարող ուժերի մտքերն ու գաղափարները մէկտեղելու հնարաւորութիւն՝ անկախ քաղաքական դիրքաւորումից եւ այլն», ըսած է նախագահը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում


















































