Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կոչ զգաստութեան․ Մի՛ անտեսեք կարմիր լույսերը․ «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 21,2019 10:50

Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ վերջին օրերուն արձանագրուեցան քանի մը շռնդալից զարգացումներ, որոնք արդար կամ չափազանցեալ մեկնաբանութիւններու, հիմնաւորեալ կամ կամայական վերագրումներու աղբիւր դարձան։
Ոստիկանապետ Օսիփեանի, ապահովութեան սպասարկութեան տնօրէն Վանէցեանի հրաժարականները (մէկը միւսէն տարբեր կաղապարով ու երեւութապէս տարբեր ելքով, եւ որոնց, կþըսուի թէ, կրնան յաջորդել ուրիշներ), նախկին նախագահ Քոչարեանի դատավարութեան հարցը, Ամուլսարը, Սահմանադրական դատարանի ու անոր այս կամ այն անդամին օրինականութեան-ապօրինութեան մասին տեսակէտներու աճուրդը կազմեցին գլխաւոր խորագիրները, նոր բեմեր բացին բանավէճերու, փոխադարձ մարտահրաւէրներու եւ մինչեւ իսկ սպառնալիքներու շղթայազերծման առջեւ, քանի մը աստիճան եւս լարելով արդէն իսկ ծանրացած մթնոլորտը եւ նոր խորացումի տանելով այն վիհը, որ բացուած է քաղաքական հակադիր կողմերու, ժողովուրդի շերտերուն միջեւ. իսկ վիհը չէ բացուած միայն «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ասդին, այլ անիկա «փորուելու» սկսած էր վաղուց, լծակցութեամբ նախկին իշխանաւորներուն եւ ընդդիմադիրներուն՝ կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ։

Նպատակ չունինք մտնելու հին ու նոր բանավէճերուն եւ վայրկեան առ վայրկեան հրապարակ նետուող մեկնաբանութիւններուն մէջ, ո՛չ ալ փնտռել, թէ ո՞վ է իրաւացին, ո՞վ՝ անարդարը։ Փաստօրէն, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իշխանութեան ղեկը ձեռքին ունեցող իշխանաւոր խմբակը հրապարակ կու գայ այն ինքնավստահութեամբ, թէ անցեալ տարուան ապրիլեան շարժումին ճամբով, ժողովուրդէն ստացած է լիազօրութիւն եւ, օրինական իշխանութիւն ըլլալու հանգամանքով՝ կրնայ եւ պարտի ընել այն՝ ինչ որ կը նկատէ ճիշդ եւ նպատակայարմար, որպէսզի հաշուետուութեան բերէ անցեալի իշխանաւորները, «մենաշնորհեալներ»ը եւ մասամբ նորին։ Հակադիր ճակատը իշխանութիւնը կը մեղադրէ, թէ՝ իրեն տրուած լիազօրութիւնն ու հեղինակութիւնը կþենթարկէ կամայական ու միականի մեկնաբանութեան, ընդհանրապէս կþարհամարհէ իր հայեցակէտէն այլ կարծիք, մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ բացուած արդար պայքարը դուրս հանած է իր հունէն, կþուղղուաի դէմպ միակուսակցականութիւն-մենատիրութիւն, աւելի՛ն, նպաստ չէ բերած իրականացման այն խոստումներուն ու հաւաստիքներուն, որոնք բարձրացուցած էր շարժումին սկզբնաւորման փուլին, գոնէ հակադրութիւնները մեղմելու, հանդուրժողութիւն իրականացնելու եւ երկիրը, անցեալին պատանդը պահելու փոխարէն՝ դէպի յառաջ տանելու բաժիններուն։ (Կարելի է թուել նաեւ հակադիր տեսակէտներէն շատ աւելին)։

Եթէ ընդհանուր պատկերը պահ մը դիտենք իշխանաւոր-հակադիրներ շրջագիծէն վեր բարձրանալով՝ մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի մտահոգիչ համայնապատկեր մը. կարծէք, թէ մէկէ աւելի գիծերու վրայ, մէկէ աւելի շոգեկառքեր կը սուրան դէպի… անխուսափելի բախման կէտ մը. իւրաքանչիւրը իր ճեպընթացի սլացքին համար կը փնտռէ եւ կը վկայակոչէ հիմնաւորումներ ու արդարացումներ։

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30