Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կը հասկնամ ձեր ցաւը եւ վախը, որովհետեւ անձնապէս ապրած եմ այդ բոլորը․ Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար

Օգոստոս 17,2022 09:53

Սիրելի Հայաստանաբնակ հայորդիներ,

Ապրած եմ Լիբանանի պատերազմի արհաւիրքը։ Ապրած եմ «մահուան շուքի ձորի մէջէն» անցնելու փորձառութիւնը։ Տեսած եմ հարազատներու եւ բարեկամներու մահը եւ ռումբերու եւ պայթումներու պատճառած քանդումները ու անոնց հոգեկան եւ հոգեբանական հետքը՝ վախը եւ ցաւը, բոլորիս ներաշխարհին վրայ։

Մեր հայրենիքը կ՛ապրի շատ մը մարտահրաւէրներ եւ անոնց վրայ եկաւ աւելնալու «Սուրմալու»ի ահաւոր պայթումը։ Ունինք զոհեր, վիրաւորներ եւ փլատակներու տակ կորսուած հայորդիներ։ Կ՛ապրիք պայթումին ահը ու սարսափը։ Կը հասկնամ ձեր ցաւը եւ վախը, որովհետեւ անձնապէս ապրած եմ այդ բոլորը։

Ձեզի հետ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ Աստուածաշունչէն Պօղոս առաքեալի նամակներէն հետեւեալ համարը, որ ինծի համար եղաւ մղիչ ուժ՝ տոկալու պատերազմի դժուար պայմանները. «Վասնզի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Թուղթ Առ Տիմոթէոս 1.7)։

Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ զօրութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթել ցաւին եւ մահուան։ Ինչպէս Ինք յաղթեց խաչին վրայ։

Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ սէր, որպէսզի կարենանք շինել Նորը։ Ինչպէս Ինք շինեց Նորը Իր յարութեամբ։

Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ զգաստութիւն, որպէսզի կարենանք որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընենք։ Ինչպէս Ինք որոշեց եւ ըրաւ, երբ աշխարհ եկաւ, որպէսզի մեզի Կեանք շնորհէ։

Թո՛ղ որ Քրիստոսի այս Հոգին մեզ գօտեպնդէ այսօր, որպէսզի կարենանք մեր երկչոտութիւնը՝ իմմա ցաւերը, վերածել Հաւատքի։ Այն Հաւատքը, որ մեզ պիտի ապրեցնէ։ Եւ այս Հաւատքով կերտենք Յոյսը՝ նոր կեանքի ու ապագայի տեսլականով։

Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցեմ բոլոր սգաւորներուն։ Վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ, եւ կը յուսամ կորսուած հայորդիներուն շուտով գտնուիլը փլատակներուն տակէն։

Կ՛ապրիմ ձեզի հետ։ Ձեր ցաւը։ Բայց նաեւ ՅՈՅՍԸ։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան,

ընդհանուր քարտուղար՝ Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան

Նիկոսիա, 16 Օգոստոս 2022

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031