Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշեց պաշտօնական խօսք չհրապարակել․ «Հայրենիք»

Փետրվար 24,2024 09:40

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով՝ կ՛արժէ ուշադրութեան առարկայ դարձնել Արցախի իրավիճակը, ուր ներկայիս իրատեսական ոչինչ կ՛երեւի հորիզոնին վրայ, թէ Արցախ հայրենիքը մօտիկ ապագային պիտի թօթափէ ատրպէյճանական լուծը՝ արցախցիներուն բնօրրան վերադարձին համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով։

Ռուսիա, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կազմած են այն ճակատը, որ կը պայքարի արդարութեան դէմ՝ Արցախի բռնակցմամբ եւ արցախահայութեան բռնագաղթմամբ։Խորքին մէջ խնդիրը վերածուած է միջազգային խաղադաշտի մը, ուր Հայաստան տկար խաղաքարտ ունեցող կողմն է։ Երեւան կորսնցուցած է իր լծակները եւ ազդեցութեան տուեալները ու ենթակայ է միջազգային ուժերու խոստումներով լեցուն այնպիսի իրավիճակի մը, ուր Արցախեան երկրորդ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ատրպէյճան խաղը իր պայմաններով յառաջ կը տանի՝ միշտ ունենալով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ անվերապահ ու ամբողջական նեցուկը։

Հայաստան կատարած է իր ընտրութիւնը։ Երեւանի համար ներկայիս Արեւմուտքն է այն ուժը, որ պիտի յաջողի զսպել Ատրպէյճանը։Ասիկա իրականացնելու համար՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն ունին պահանջներ Երեւանի իշխանութիւններէն, թէ յատկապէս կողքին չեն Ռուսիոյ՝ Ուքրայինայի պատերազմին պարագային։ Ասիկա միայն մէկն է այն պահանջներէն, որոնց շարքին են Իրանի հետ յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ հետ խնդիրներու եւ տարակարծութիւններու վերացումը, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչումը՝ Արցախը գործնապէս Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելով եւ անկէ հրաժարելով։

Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշեց պաշտօնական խօսք չհրապարակել եւ այս դիրքորոշումը առաւել յստակ կերպով ցոյց տուաւ, թէ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Փաշինեանի եւ անոր քաղաքական խմբակին կեցուածքներն ու դիրքորոշումները ինչպիսի փոփոխութիւններ կրած են։ Ասիկա յստակ կը դառնայ, երբ լուսարձակի տակ բերենք Փաշինեանի իշխանութեան վեց տարիներուն ընթացքին Արցախեան շարժման նշման օրուան առիթով հրապարակուած խօսքերը եւ անոնց բովանդակութիւնը։ Քաղաքականութեան եւ արեւելումի փոփոխութիւնները այնքան յստակ են, որ զարմանալի չի թուիր այս տարուան որդեգրուած կեցուածքը՝ Արցախեան շարժման երեսուն վեց ամեակին առիթով պաշտօնական ուղերձ չհրապարակելու վերաբերեալ։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829