Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իսրայէլի կառավարութեան որոշումին շարժառիթները յստակ են: Կար յստակ ուղենիշ այս առումով, երբ վարչապետը ամիսներ առաջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին արձագանգած էր լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՞ւ իր երկիրը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը. ան շատ արագ յայտարարած էր` հիմա՛ յայտարարութեամբ կը ճանչնամ:
Պարզ են շարժառիթային հանգամանքները: Թուրքիա եւ Իսրայէլ զիրար կ՛ամբաստանէին ցեղասպանական արարքներով: Թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներով իսրայէլացի պաշտօնատարները արդէն կը խօսէին Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան մասին: Մինչ, իսրայէլացի որոշ շրջանակներու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար կատարուող բարձրաձայնումները չէին անցներ պետութեան լռութեան պատերը:
Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէր, որ Էրտողան ի՛նք մղեց իր տակաւին ռազմավարական գործընկեր նկատուող Իսրայէլը, որ գործադիր իշխանութեան մակարդակով յայտարարէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին մասին: Պաղեստինցիներու նկատմամբ Իսրայէլի գործադրած ցեղային զտումներն ու ցեղասպանական արարքները տարբեր առիթներով Թուրքիոյ նախագահը կ՛արծարծէր, հաւանաբար չբացառելով իսրայէլեան հաւանական հակազդեցութիւնը: Պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ Էրտողան ի՛նք նախաձեռնեց Իսրայէլի առած ճանաչումի քայլին:
Թրքական եւ ազրպէյճանական արձագանգներուն մէջ կան տարբերութիւններ: Եթէ Անգարայի հետ լարուած են յարաբերութիւնները, ապա Պաքուի հետ խորացած: Պաքուն որոշումի վերատեսութեան առաջարկ կ՛ընէ իր ռազմավարական գործընկերոջ:
Կարդացեք նաև
Երկրորդ եռանկիւնին երրորդ բաղադրիչը Երեւանն է, որ սահմանակից է Իսրայէլի առաջին թշնամի Իրանին հետ: Պաշտօնական Թեհրանը լուռ է ճանաչման որոշումին նկատմամբ, իսկ Երեւանը կը մերժէ մեկնաբանել կամ արձագանգել Իսրայէլի առած այս քայլին:
Ցեղասպանական փոխամբաստանութիւններուն խորքը ուժանիւթային պաշարներն են, այդ պաշարներէն օգտուելու մրցապայքարները, անվտանգային նոր քարտէսներու մէջ դիրքեր գրաւելու արշաւները:
Ազրպէյճան-Իսրայէլ ուժանիւթային մրցակցութեան եւ անվտանգային շահերու բախման իրականութեան ստեղծման պարագային, Պաքուի վերատեսութեան առաջարկը կրնայ փոխուիլ: Արցախի պատերազմին Ազրպէյճանի կողքին յայտնուած Իսրայէլը կրնայ յիշել Սումկայիթի կամ ընդհանրապէս Արցախի մէջ իրականացուած ցեղասպանութիւնը, իսկ իր հերթին Ազրպէյճանը` Կազայի մէջ պատահածը:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:


















































