ՑԱՒԱԼԻ ԴԷՊՔ ՊԱՂԼԱՐՊԱՇԸԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԷՆ ՆԵՐՍ
Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը ցաւով տեղեկացուցած է, թէ 7-8 Յուլիսի գիշերուան ժամերուն անձ մը գերեզմանատան որմերէն ներս մուտք գործելով 6 դամբարանի եւ աղբիւրի մը վնասներ հասցուցած է։ Դէպքը խորապէս վիրաւորած է համայնքի անդամները, ի մասնաւորի զանոնք որոնց սիրելիներոնւն դամբարանները կը գտնուին սոյն գերազմանատան մէջ։
Թաղային Խորհուրդը անմիջապէս դիմած է ապահովութեան պատկան իշխանութեան, որոնք ընդփոյթ ձեռնարկած են օրինական բծախնդիր հետապնդման գործունէութեան, յանձաւորին ինքնութիւնը ճշդելու եւ արդարութեան յանձնելու համար։ Պատրիարքական Աթոռը կը դատապարտէ մեր համայնքի սրբազան արժէքներուն եւ յաւիտենական հանգստավայրերուն դէմ գործուած այս եպերելի յարձակումը։
Այսու մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք ապահովութեան պաշտօնատարներուն որոնք դէպքը լուսաբանելու նպատակով իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն խղճմտութեամբ եւ մեծ զգայնութեամբ։ Կը յուսանք, որ յանցաւորը կը յանձնուի արդարութեան։
Կարդացեք նաև
Պատրիարքական Աթոռը մօտէն կը հետեւի դէպքին վերաբերեալ բոլոր զարգացումներուն։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ


















































