Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Համայնքային թնջուկ մը

Հունվար 12,1999 00:00
aravot

Պատասխան Երեւանի «Առաւօտ» թերթի անպատասխանատու զրպարտութեանց

Երեւանի «Առաւօտ» թերթը իր 30 սեպտեմբերի 1998 թ. համարին մէջ տեսակցութիւն մը կամ հարցազրոյց մը հրատարակած է վիեննաբնակ դիբլ. ինժ. պրն Ռազմիկ Բերանժ Թամրազեան-Յարութիւնեանի հետ, որու մէջ վիրաւորական անճիշդ եւ ծանր ամբաստանութիւններ եւ անխիղճ զրպարտութիւններ կան Աւստրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդ եւ Կենտրոնական Եւրոպիոյ եւ Շուեդիայի Հայրապետական Պատուիրակ Մեսրոպ Արքեպս. Գ. Գրիգորեանի, Աւստրիոյ Հայ Առաքելական Համայնքի Ընդհ. ժողովին եւ Վարչութեան, ինչպէս եւ Վիեննայի «Յովհաննէս Շիրազի Շաբաթօրեայ դպրոցի» տնօրէնի հասցէին։ Ուրախալի է, որ երեւանյան թերթ մը կը հետաքրքրուի Աւստրիահայ գաղութի կեանքով, բայց ցաւալի է, որ թերթի խմբագրութիւնը իր տեղեկութիւնները քաղած է համայնքի մէջ կղզիացած եւ յոյժ անվստահելի անձէ մը։ Ենթական, որ Վիեննա կապրի, մինչեւ իսկ չի գիտեր «վերջերս Աւստրիայում» մահացած տիկնոջ ճշգրիտ անունը։ Ինժ. Յարութիւնեան «Փանոսեան» կը կոչէ հանգուցեալ տիկինը. յիրաւի բարերարուհիին անունն է՝ Սոնա-Ովսաննա Պարսամեան։ Ստորեւ Համայնքի Վարչութիւնս կը փափաքի հանրութեան պաշտօնապէս հաղորդել թերթին մէջ արծարծուած գլխաւոր հարցերու մասին լուսաբանութիւններ.

Առաջնորդ Սրբազանը Վիեննա հաստատուած է ոչ թէ «80-ականների վերջերին», այլ 1962 թուի Յունուարին, պաշտօնական որոշումով եւ հրաւէրով այդ օրերու Եկեղեցական Վարչութեան եւ հաստատումով եւ օրհնութեամբ երանաշնորհ Վազգէն Ա Կաթողիկոսի։ Սրբազան Հայրը 1956 թուի ամառը, Անթիլիաս-Էջմիածին եկեղեցական տագնապի հետեւանքով՝ այլ 10 վարդապետներու եւ եպիսկոպոսներու հետ՝ բաժնուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն եւ պաշտպանած Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան բարձրագոյն հեղինակութիւնը։ Այս իրադարձութեանց լաւ տեղեակ է՝ Շահէ Արքեպս. Աճեմեան, որ Երեւանի համալսարանի Աստուածաբանական ֆակուլտետի տնօրէնն է։

22 նոյեմբերի 22-ին Ս. Պատարագով եւ օծման արարողութեամբ՝ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ կատարուեցաւ բացումը նորոգեալ սրահներու. ուրախ էր ամբողջ ժողովուրդը, ուրախ էր եւ Վարչութիւնը։ Այս առընչութեամբ՝ օգտակար կը նկատենք հաստատել եւ յայտարարել՝ որ Բարձրաշնորհ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս միայն բարոյապէս քաջալերեց նորոգութեան ծրագիրը եւ ֆինանսական ու տեխնիկական խնդիրներու հետ բացարձակապէս կապ չունէր եւ չունեցաւ։ Դրամական եւ շինարարական հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն էր Եկեղ. Համայնքի Վարչութիւնը, որու խնդրանքով՝ ճարտարապետ տիկ. Բիբի-Հրանուշ Աւագեան-Եաղուրեան ղեկավարեց նորոգութեան դժուար աշխատանքները՝ առանց որեւէ նիւթական վարձատրութեան։ Հետեւաբար անխիղճ զրպարտութիւն է՝ նորոգութիւնը կամ միջանցքի կառուցումը ամբողջապէս իբր «յանցանք» վերագրել Սրբազան Հօր։ Ընդհանուր նորոգութիւնները արժեցին 200.000 Ամ. դոլար, եւ ոչ թէ միայն անցքի կամ «հովանոցի» շինութեան ծախսերը։

Ինժ. Յարութիւնեան իր զրպարտութիւններէն բաժին հանած է նաեւ Համայնքի նոր Կանոնագրութեան, քննադատելով թէ Կանոնագրութիւնը եւ թէ Առաջնորդ Սրբազանը։ Պաշտօնապէս կը հաստատենք՝ թէ յատուկ Յանձնախումբի մը կողմէ պատրաստուած է նախագիծը, որ Ընդհ. ժողովներու մէջ քննարկուելէ ետք՝ վաւերացուեցաւ Համանքի մեծամասնութեան կողմէ։

Նախանձի եւ անհանդուրժողութեան գլուխ-գործոց կարելի է համարել Յարութիւնեանի այն յայտնութիւնը՝ թէ Վիեննահայոց «Յովհաննէս Շիրազ շաբաթօրեայ դպրոցը» վերջին տարիներուն «իր ոդիսականը ունեցաւ»։ Արդարեւ եւ յիրաւի դպրոցը, որ 1981 թ. նոյեմբ. 29-ին իբր միօրեայ վարժարան բացուեցաւ, տարուէ տարի յառաջդիմեց եւ ներկայիս կապրի իր ծաղկման փայլուն շրջանը. ունի շուրջ 100 աշակերտ-աշակերտուհիներ, 12 դասարաններ, 10 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ ծնողական ժրաջան խորհուրդ մը, որ տնօրէնութեան հետ յաջողապէս կը կազմակերպէ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկները։ Գաղութը եւ Վարչութիւնը գոհ են, ուրախ եւ հպարտ իրենց դպրոցով, որ Եւրոպայի հայ համայնքներու մէջ կը հանդիսանայ տիպար վարժարան մը եւ այս՝ շնորհիւ գլխաւորաբար տնօրէն ինժ. Գէորգ Անտոնեանի։

Ի դիմաց Աւստրիոյ Հայ Առաքելական Համայնքի Վարչութեան

ՄԱՐԱԼ ԿԻՐԱԿՈՍՅԱՆ ատենադպրուհի

Դր. ԱՐՄԵՆԱԿ ԻՒԹԻՒՃԵԱՆ ատենապետ

Շնորհակալ ըլլալով արձագանքի համար, ցավ կ՛յայտնենք, որ ակամայից մասնակիցը դարձանք համայնքային կռվի մը։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 1999
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031