Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ֆրանսան՝ ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին

Մարտ 20,2015 20:10

ԵՐԵՒԱՆ (Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւան, 2015թ. Մարտ 20) – «Մենք ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուած ենք՝ կարգաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ պաշտպանելու՝ այս շրջանին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը», յայտարարած է պրն Հարլեմ Տէզիր՝ Եւրոպական հարցերով Ֆրանսայի պետական քարտուղարը։

Մարտ 18-ին, Ֆրանսայի Ազաջգային ժողովին մէջ, Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժումի (UMP) կուսակցութեան պատգամաւոր պրն Ժան-Գլոտ Մինիոն հարցում ուղղած է երկրի արտաքին գործոց նախարարին, Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման մասին։ Կառավարութեան կողմէ հարցումին պատասխանած է Եւրոպական հարցերով պատասխանատու նախարարը։ Ան ըսած է. «Ֆրանսան, ինչպէս գիտէք, լիովին ընդգրկուած է Մինսկի խումբին մէջ, զոր կը համանախագահէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետ, գտնելու համար մնայուն լուծում մը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, որուն բնակչութիւնը — հիմնականին մէջ՝ հայեր— պատերազմի պատճառով չափազանց շատ տառապած է։  Ներկայ վիճակը (status quo) ոչ ոքի շահերէն չի բխիր, ո՛չ Հայաստանի, ոչ՝ Ազրպէյճանի: Այս պատճառով ալ, Հանրապետութեան նախագահը ցանկանալով աջակցիլ դիւանագիտական նախաձեռնութեան վերսկսումին, անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 27-ին, Փարիզի մէջ, գումարեց հայ եւ ազրպէյճանցի նախագահներուն մասնակցութեամբ գագաթաժողով մը։ Այս հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ մարդասիրական գետնի վրայ վստահութեան առաջին քայլ առնելու՝ հակամարտութեան ընթացքին անհետացածներու մասին տեղեկութիւն փոխանակելով։ Այս քայլը սկսած էր իրականացուիլ։ Այս հանդիպումը նաեւ օգնեց Մինսկի խումբի շրջանակին մէջ նոր թափ հաղորդելու բանակցութիւններուն, որոնք ինչպէս յիշեցիք, հիմնուած են այսպէս կոչուած  Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորաբար՝ ուժ չկիրառելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։ Վերջին ամիսներու ընթացքին մեր տեսած լարուածութիւնը կը հաստատէ այդ սկզբունքները կիրառելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը։ Հետեւաբար, Ֆրանսան գործօն կերպով կը շարունակէ հոկտեմբերին սկսած իր ջանքերը։  Հանրապետութեան նախագահը դարձեալ պիտի հանդիպի իր պաշտօնակիցներուն, երբ յառաջիկայ Ապրիլ 24 եւ 25-ին կ՚այցելէ Երեւան եւ Բաքու։ Մենք ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուած ենք՝ կարգաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ պաշտպանելու՝ այս շրջանին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը»։

Արձագանգելով Ֆրանսայի նախարարի այս յայտարարութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ (Ֆրանսա) Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Եւրոպական հարցերու նախարար Տէզիրի յայտարարութիւնը Ղարաբաղի ինքնորոշման ի նպաստ՝ ցոյց կու տայ հարցին մասին Ֆրանսայի կեցուածքը եւ հաստատեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի յանձնառութիւնը՝ հարցին դրական լուծում մը գտնելու կապակցաբար։ Նախագահ Հոլլանտի կեցուածքը շատ յստակ է։ Ֆրանսուա Հոլլանտի կեցուածքը հիմնուած է արդարութեան հայեցակարգի վրայ եւ մենք ամբողջութեամբ համաձայն ենք այդ մօտեցումին։ Յիշենք, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ 15 տարիէ ի վեր Հայ Դատի ի նպաստ յանձնառութիւն ունի եւ քայլեր առած է, Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով, պիտի գտնուի Երեւան»։

ՀՅԴ Մամլո դիվան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031