Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստան կը գտնուի լայնօրէն պատանդուած կացութեան մէջ․ «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 20,2021 09:56

Սկսինք այն բանէն, որ Արեւմուտքը այսօր բացարձակապէս տրամադիր չէ միջամուխ ըլլալու եւ իրավիճակային փոփոխութեան որեւէ նախաձեռնութիւն գլխաւորելու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հանգուցալուծման մարզին մէջ։ Այս առումով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան բանակցային գործընթացը ԻՐԱԿԱՆ ՀՈՂԻ ՎՐԱՅ մեռեալ պէտք է համարել։ Եւ այս կապակցութեամբ, ներկայիս կրկնուող յոյսի հռետորաբանութիւնը որեւէ վստահելի հիմնաւորում չունի։

Արեւմուտքը այդ գործընթացը շնականօրէն «նուիրած» է Մոսկուային։ Ան առայժմ «զօրավիգ» պիտի կանգնի Մոսկուայի «խաղաղեցման» նախաձեռնութիւններուն թոյլ տալով, որ փանթուրքիզմը — Հայաստանի գործնական լուծարումով — արմատանայ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիին մէջ։ Իսկ յետագայի՞ն…այդ մէկը արդէն նոր խաղադաշտ է ըլլալու Արեւմուտքի եւ յատկապէս Ա.Մ.Ն.-ի համար, որմէ ներս Արեւմուտքը կը յուսայ գործել տիրական խաղաքարտերով յուսալով փանթուրքիզմը գործածել որպէս հուժկու զէնք Ռուսաստանի եւ Չինաստանի դէմ։

Խօսելով Մոսկուայի ներկայ իրականութեան մասին, առանց այլեւայլի պէտք է կանգ առնել այն հաւանական գործօնին վրայ, որ Մոսկուայի տէրերը այսօր կաշառուած են Ալիեւի եւ Ալիեւի ետին գտնուող համաշխարհային ցանցի շահերուն կողմէ։ Միաժամանակ Փութին կը յուսար այնուամենայնիւ խաղալ ուժային հզօր խաղ մը Կովկասի մէջ։ Այսինքն՝ Ալիեւը «կշտացնելով» Հայաստանի եւ Արցախի հաշւոյն եւ գործածելով մեծապետական իր զէնքերը Ատրպէյճանը բաժնել Թուրքիայէն եւ զայն առնել իր մականին տակ։ Փայփայելով այն հեռակայ հաշիւը ՝ որ ինք կրնայ մեքենայել (manipulate) ուժերու դասաւորումը տարածաշրջանին մէջ եւ իր թաթին տակ առնել Սիւնիքի միջանցքը եւ ի՛նք ըլլալ խաղականոնը հաստատողը… եւ այս բեմախաղը յաջողեցնել կրկին Հայաստանի եւ Արցախի «գրպանէն»։

Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք Փութին ի վիճակի է այսօր այս բարդ խաղը յաջողութեամբ գլուխ հանելու։ Այս հարցումին պատասխանը տալու օրը այսօր չէ, որքան ալ ճակատագրական բնոյթ ունենայ ան Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Անյայտները բազմաթիւ են եւ մեծապէս անգուշակելի։

Այսօրուան ճնշիչ իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան կը գտնուի լայնօրէն պատանդուած կացութեան մէջ Մոսկուայի նկատմամբ։ Ան զուրկ է լծակային խաղաքարտերէ։ Պարտութեան վարչակարգի ձախաւեր քաղաքականութիւնը աւելի եւս դժուարացուցած է գործընկերային յարաբերութիւնը Մոսկուայի տէրերուն հետ։ Փութին եւ Ալիեւ կը գտնուին գործընկերային յարաբերութեան մէջ։ Մինչդեռ Փութին կը վերաբերուի Հայաստանի իր պաշտօնակցին հետ հրահանգողի դիրքերէն չըսելու համար ճորտատիրոջ։

Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930