Շաբաթ, 9 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ, COAF) տարեկան 20րդ դրամահաւաքի ձեռնակը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 10 միլիոն տոլար, որ պիտի յատկացուի Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ կրթական, առողջապահական եւ հոգեբանական սպասարկութիւններ մատուցելու ծրագիրներուն եւ կազմակերպութեան կողմէ նոր հաստատուած HOPE նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է՝ օժանդակել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներուն։
Կազմակերպութեան այս տարուան հեղինակաւոր «Մարդասիրական» մրցանակը տրուեցաւ յայտնի դերասան Ճօ Մանճանիէլոյին, Փիթսպըրկի մանկական հիւանդանոցին ի նպաստ իր բարեսիրական աշխատանքին համար։
Ձեռնարկին գլխաւոր նուիրատուներն էին՝ Եուրէճեան ընտանիքի բարեսիրական հիմնարկութիւնը, կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ատենապետ Կարօ Արմէն, Աֆէյեան ընտանիքի հիմնարկութիւնը, JMH բարեսիրական հիմնարկութիւնը, տէր եւ տիկին Վիքթըր Ծառուկեան եւ Ճուտիթ Սարեան, Աճէմեան հիմնարկութիւնը եւ շարք մը անանուն նուիրատուներ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: