2024թ.-ի հոկտեմբերի 9-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը վերաբացաւ իր դռները աշակերտներուն առջեւ, յաղթահարելով պատերազմական իրադրութեան պարտադրած վերամուտի ստիպողական յետաձգումը:
Վերամուտի այս յատուկ օրը նշուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրկէուար Գալուստ ընդգծեց կրթութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ճգնաժամային այս շրջանին: Ան նշեց, որ ամենադժուար պայմաններուն մէջ իսկ, կրթութիւնը եղած է ընկերութեան զօրութեան եւ յարատեւման աղբիւրը: «Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք պարտաւոր ենք շարունակել մեր առաքելութիւնը՝ կրթելու եւ դաստիարակելու մեր երիտասարդ սերունդը», ըսաւ ան:
Աղբիւրը Մեսրոպեան Վարժարան



















































