Երուսաղեմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներուն ղեկավարները կրկին կը դատապարտեն Հայոց պատրիարքարանի դէմ անարդար բռնագրաւման վերաբերեալ լսումները՝ կոչ ընելով անյապաղ միջամտել։
«Այս տարուայ փետրուարի 19-ին մենք՝ Երուսաղէմի եկեղեցիներու պատրիարքներն ու ղեկավարները, յայտարարութիւն տարածեցինք Երուսաղեմի ուղղափառ հայ պատրիարքարանի մեր սիրելի գործընկերներու հետ զօրակցութեան ի սպաս, որոնք այդ ժամանակ լսումներու ենթարկուած էին Իսրայէլի դատարաններուն մէջ՝ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի կողմէ տրուած անարդար բռնագրաւման որոշման վերաբերեալ». Այս խօսքերով կը սկսի 26 սեպտեմբեր 2025-ին տարածուած Երուսաղեմի պատրիարքներուն ու եկեղեցիներու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը` հայող Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դէմ ձեռնարկուած գործողութիւններուն, «որոնք հիմնուած են չստուգուած և չափազանց մեծ «Arona Tax» հարկային պարտքի վրայ, որ իրաւաբանօրէն կասկածելի են և բարոյապէս անընդունելի»։
«Այդ ժամանակ առաջին դատական լսումը չեղեալ նկատուեցաւ այն յոյսով որ այս հարցի շուրջ երկխօսութիւն պիտի սկսէր կառավարութեան հետ՝ հարցի արդարացի լուծման հասնելու համար» գրած են Երուսաղէմի եկեղեցիներու առաջնորդները դիտել տալով, որ ցաւօք այժմ նշանակուած է նոր լսում մը` երկուշաբթի՝ 29 սեպտեմբերին, որ «դարձեալ կը սպառնայ հայոց պատրիարքարանի պատկանող գոյքի անարդար բռնագրաւման»։
«Հաշուի առնելով այս վերջին զարգացումը՝ մենք կը շարունակենք միասնականօրեն աջակցիլ հայոց պատրիարքարանին՝ կոչ ընելով իշխանութիւններուն` «բարի կամքի բանակցութիւններ վարել»։
Կարդացեք նաև
Ռոպէր ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում