Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կ՚ակնկալենք, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Իսրայէլը կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը՝ սատարելով յիշողութեան յաւերժացումին եւ պայքարելով անոր ժխտումին դէմ. ՀՅԴ Հայ Դատ

Հունիս 29,2026 08:45 Share

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առիթով

Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէօն Սաարի նախագիծին։ Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՚ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում։

ԱԳ նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, թէ անցեալին եւս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած։

Նախարարը յայտարարած է նաեւ, որ այս հակադարձութիւն չէ Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ Իսրայէլի դէմ ուղղուած «սարսափելի հռետորաբանութեան եւ թշնամական քայլերուն», ենթադրաբար՝ ակնարկելով ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ միջազգային համայնքի բազմաթիւ անդամներու այն իրաւացի հաստատումներուն, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։

Հաշուի առնելով այն փաստը, որ բազմաթիւ հրեայ անհատներ, այդ մասին բարձրաձայնած են Ցեղասպանութեան օրերուն՝ որպէս վկայ, իսկ հետագային՝ որպէս մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ կուսակցութիւն (Մերեց), պահանջելով Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախարար Սաար իրաւացի է երբ կը հաստատէ. «Երբեք ուշ չէ ճիշտ բանը ընել։ Այս թէ՛ բարոյական, թէ՛ պատմական պարտականութիւն է։ Իմ կարծիքով, ատկէ խուսափելու որեւէ լուրջ պատճառ չկայ»։

Եթէ եւ երբ այս նախաձեռնութիւնը հասնի իր տրամաբանական եզրայանգումին եւ Իսրայէլի խորհրդարանը եւս հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս պետական դիրքորոշում, մենք կ՚ողջունենք այդ կեցուածքը, միաժամանակ կրկնելով նախարար Սաարիի Թուրքիոյ ուղղուած այն տրամաբանութիւնը, որ նման ճանաչումը «իրեն (այս պարագային՝ Իսրայէլին) չի տար անձեռնմխելիութիւն պատմական ճշմարտություններէն», ներառեալ՝ Արցախի մէջ հայութեան դէմ կատարուած յանձագործութիւններուն իր մեղսակցութեան գծով։

 

Միաժամանակ, կ՚ակնկալենք, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Իսրայէլը կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը՝ սատարելով յիշողութեան յաւերժացումին եւ պայքարելով անոր ժխտումին դէմ։

 

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

 

28 յունիս 2026

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Հունիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930