Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին կայքը արգելափակուած է խումբ մը կայքահէններու կողմէ, որոնք իրենք զիրենք կ՝անուանեն TheConficker, որ կապակցուած է ատրպէյճանական Anti-Armenia Team կայքահէններու հետ:
Հայ Դատի յանձնախումբին յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ձեռնարկուած են քայլեր ու կայքին վերահսկողութիւնը վերականգնուած է: Յարձակումէն անմիջապէս ետք՝ Յանձնախումբը նամակ ուղարկած է ՀԴԲ կայքահէնական յանցագործութիւններու հարցերով բաժանմունքի գանգատներու կեդրոն:
Կը նշուի, որ նախապէս յանձնախումբը նամակ ուղարկած էր ծերակոյտի եւ ներկայացուցիչներու պալատի յանձնաժողովներ, մտահոգութիւն յայտնելով ԱՄՆ ժողովրդավարական կառոյցներու վրայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ազդեցութեան վերաբերեալ: