Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի ժողովը յատկապէս կ՛ողջունէ Հայաստանի իրականութենէն ներս տարածուած փտածութեան դէմ ամբողջական պայքարը

Հուլիս 07,2018 10:30 Share

28 Յունիսէն 1 Յուլիս 2018 ժամանակամիջոցին գումարուած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 52րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը քննեց ընթացաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի երկամեայ աշխատանքները եւ մշակեց յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան ծրագիրը:

Ժողովը արձանագրեց հետեւեալը.

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը, մեկնելով կուսակցութեան ծրագիրէն եւ գաղափարախօսութենէն՝ կը հաստատէ, որ հաւատարիմ կը մնայ ամէնուրեք հայութեան մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանը հանդիսանալու իր առաքելութեան եւ նախանձախնդրօրէն տէր կը կանգնի հայ մարդու միտքի ու խօսքի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման եւ տնտեսական որեւէ շահագործումէ զերծ մնալու իրաւունքներուն:

Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը կ՛ողջունէ համաժողովրդային շարժումով իրականացած խաղաղ իշխանափոխութիւնը Հայաստանի մէջ ու կը ջատագովէ հիմնովին ժողովրդավարական, արդար եւ թափանցիկ կարգեր հաստատելու նպատակները:

Ժողովը յատկապէս կ՛ողջունէ Հայաստանի իրականութենէն ներս տարածուած փտածութեան դէմ ամբողջական պայքարը ու իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այդ ախտի ամբողջական վերացման:

Ժողովը նաեւ կը հաստատէ Արցախի մէջ ընկերային արդարութեան արմատաւորման հրամայականը:

Ժողովը քննեց եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց Դաշնակցութեան ծրագրային սկզբունքներէն, Ընդհանուր ժողովներու որոշումներէն բխող եւ իր կազմութենէն ի վեր կուսակցութեան աւանդներուն մաս կազմող՝ ազատ, ինքնաքննադատական եւ իր էջերուն մէջ ընդդիմադիր կարծիքներու տեղ տուող դաշնակցական մամուլի վարքագիծի այժմէականութիւնը ու մտաւորականներուն վրայ գուրգուրալու հրամայականը: Ժողովը նաեւ հաստատեց, որ միայն ազատ մթնոլորտի մէջ է, որ Դաշնակցութիւնը իր խօսքը ազդու կերպով լսելի կրնայ դարձնել թէ՛ իր շարքերուն ու համակիրներուն եւ թէ իր ընդդիմադիրներուն:

Ժողովը դրական գտաւ ընթացաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի շարունակական ճիգերը՝ ի խնդիր գաղութի միասնականութեան ամրապնդման ու անոր ողջ ներուժը հայութեան վերաբերող քաղաքական ու Հայ Դատի առաջադրանքներու իրականացման գործին ծառայեցնելու: Հարկ է ընդգծել, որ այս ռազմավարութիւնն ու անկէ բխած մարտավարական տուեալները շրջանէն ներս շարունակաբար կիրարկուած են աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ու պէտք է նախանձախնդիր ըլլալ անոնց պահպանման ու ամրապնդման նկատմամբ:

Շրջանային ժողովը նաեւ դրական գնահատեց կարգ մը շրջանային եւ համաամերիկեան նշանակութիւն ունեցող աշխատանքներ, որոնց շարքին են՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հովանիին ներքեւ կազմակերպուող AYF Summer Camp-ի ծրագիրը, որ իր հինգերորդ տասնամեակը թեւակոխած է, ու ցարդ տասնեակ հազարաւոր հայ պատանի-պարմանուհիներու մասնակցութիւնը ապահոված, նմանապէս՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ամէնամեայ Youth Corps-ի ծրագիրը, որ մեր շրջանի երիտասարդները հաղորդակից կը դարձնէ իրենց հայրենիքին, Հայ Դատի յանձնախումբերու իրականացուցած Gateway ծրագիրը, հայկական ազգային կամ այլ ամէնօրեայ ու միօրեայ վարժարաններու զարկ տալու ծրագրերը, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի ու Համազգայինի իրենց վստահուած մարզերուն մէջ զանազան ծրագիրներու իրականացման գծով արձանագրած յաջողութիւնները, որոնք միանշանակ կը սատարեն այս ափերուն հաստատուած ու գրեթէ մէկ միլիոն հայութիւն հաշուող հայ համայնքի ուռճացման ու հզօրացման:

Վերջապէս, ժողովը եկաւ ընդգծելու, որ մեր գաղութը ամբողջութեամբ պէտք է իր բացառիկ ներդրումը ունենայ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրագործման:

Աւարտին, ժողովը ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէի կազմը բաղկացած հետեւեալ 11 ընկերներէն.

Գոգօ Թօփալեան

Աւետիք Իզմիրլեան

Կարօ Իսփէնճեան

Լեւոն Կիրակոսեան

Ռազմիկ Հարուն

Կարօ Մատէնլեան

Միքօ Մելքոնեան

Ռազմիկ Շիրինեան

Սթիւ Տէտէեան

Թորոս Քէչէճեան

Քարմէն Օհանեան

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ 52րդ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031