Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մնացած են ջուր ծեծելու ընթացքի մէջ. hայ քաղաքական միտքը պիտի յաջողի փշրել տգիտութեան այս շղթան. «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 10,2022 11:25 Share

Հայաստանի շուրջ թաւալող դէպքերը կ’ընթանան այնպիսի տարօրինակութիւններով, որոնք ամէն օր, երբեմն նաեւ ժամ առ ժամ նոր քարեր կ’աւելցնեն այլանդակ, խառնաշփոթութիւն եւ նոր կորուստներ մատնող խճանկարին (մոզայիք) վրայ:

Չորեքշաբթիի հանդիպումները, ցուցադրուած պատկերներէն եւ սկզբնական տեղեկութիւններէն դատելով, մնացած են ջուր ծեծելու ընթացքի մէջ: Արդէն յայտնի է, որ ջուր ծեծելու արարողութիւնը մօտ ատենէն դարձեալ պիտի վերադառնայ Պրիւքսէլ, քայլ առ քայլ հեռւ վազելու… Ռուսիայէն, մինչդեռ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՌՈՒԱԾ գործակութիւնն է նախընտրելին, երէկ, այսօր, այժմ եւ միշտ եւ…

Ազերիական կողմը ամիսներէ ի վեր կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ ունի հինգ հիմնական նախապայման (իսկ մերոնք չեն տեսներ թէ այդ ցանկը ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ Է ԵՒ ՎԵՐՋ, կը յամառին եւ կուրօրէն կը պնդեն, թէ բանակցութիւնները կ’ընթանան առանց նախապայմանի): Այդ նախապայմանները յայտնապէս դարձեալ բերուած են սեղան, հոգ չէ թէ հայկական կողմը բացայայտ դարձուցած է թէ ինք շատ ալ չ’ախորժիր անոնցմէ, բայց գործնապէս…: Ու եթէ նախընթաց քանի մը օրերուն, մասնաւորաբար մահասփիւռ յարձակումներէն եւ Ջերմուկի ու այլ աւաններու վտանգումէն ետք, Երեւանէն հնչեցին Ատրպէյճանը դատապարտող – կամ գէթ դատապարտանք խնդրող – խօսքեր (պզտիկ մը յոյս բարձրացնելով, թէ ի վերջոյ մտային կուրութեան շրջանը կրնայ վերջ գտնել), յաջորդ օրերուն, յստակ դարձաւ, որ խաղաղասիրութեան ցնորքը չէ փարատած: Աւելի՛ն, վարչապետը Ազգային ժողովի բեմէն դարձեալ յարձակման անցաւ (ո՛չ թէ իսկական թշնամիին, այլ) ընդդիմադիրներուն դէմ, դարձեալ բացաւ նախկինները մեղադրելու մաշած տոպրակը, յայտարարելով, որ զինք կանխող երկու նախագահներուն օրով էր որ Արցախը տրուած է Ազրպէյճանին: Սա անշուշտ փոթորիկ ստեղծեց (ինչպէս կը պատահի, ամէն անգամ որ Փաշինեան կը պատրաստուի նոր զիջումի եւ ուշադրութիւնները կը շեղէ իրականութիւններէն). «նախկինները» փաստերով եւ վկայութիւններով ցոյց տուին, թէ Փաշինեան… կը ստէ ու կը խեղաթիւրէ իրողութիւնները: Ամէնէն ուշագրաւ փաստարկումը այն էր, որ եթէ իսկապէս նախկիններն էին Արցախը յանձնողը (Մատրիտեան սկզբունքներով), ապա ինչո՞ւ Փաշինեան իր կազմած երեք կառավարութեանց ծրագիրներուն մէջ ապաւինած էր անոնց: Կամ, մինչեւ իսկ եթէ ըսածին մէջ ճշմարտութիւն կայ, ապա ինք ի՞նչ կ’ընէր չորս ու կէս տարիէ ի վեր, երբ մերժեց նախկիններուն բոլոր ըրածն ու չըրածը, «զրոյական կէտէ պիտի սկսիմ» յոխորտանքներով ճամբայ ելաւ, եւ արդեօք ինք չէ՞ր յայտարարողը, թէ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», իսկ հիմա նշաձողը այնքա՜ն մը իջեցուցած է (բացայայտօրէն թուրք-ազերիական, եւ ո՛չ անպայման ուրիշներուն պահանջով), որ բացայայտօրէն կը զերոյացնէ Արցա՛խն ալ, Հայաստանն ալ, որդեգրած է «Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ» տեսակէտը եւ չի խօսիր տասնամեակներ առաջ, միջազգային բանակցողներուն իսկ կողմէ հաստատուած՝ Արցախի ժողովուրդին ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ իրաւունքին եւ այլ նախադրեալներուն մասին, կը բաւականանայ ըսելով, որ Հայաստանը միայն իր գլխուն ճարին պիտի նայի (կարծէք թէ Արցախը ափրիկէցիներու պատկանած ըլլար), արցախցիներու չափազանց սահմանափակ իրաւունքները իրենց գործն է այսուհետեւ, թէ՝ պէտք է ապաւինին… Ատրպէյճանի բարեացակամութեան, ա՛ն Ատրպէյճանին, որ ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործէ Հայաստանի ու Արցախի դէմ, բանակցութեան օրն իսկ յայտարարեց, թէ Արցախի հարց չունի, ատիկա իր «ներքին հարցն է», իսկ վաղն ալ կրնայ նոր ու ծաւալուն յարձակումի անցնիլ՝ Սիւնիքը, սահմանամերձ գօտիներ, մինչեւ իսկ (նոյնինքն իշխանաւորներուն արտայայտած մտահոգութիւնը իրականացնելով) հասնիլ Երեւան: Այլապէս, ինչի՞ կը ծառայէին Փրակայի հանդիպումներէն քանի մը ժամ առաջ հրապարակ նետուած այն առաջարկը (եւ սա պերճախօս պատասխան էր ՄԱԿ-ի բեմէն Փաշինեանի ուղղած այն արտառոց հարցումին, թէ արդեօք Ատրպէյճան ինչպիսի՞ սահմաններով կը պատկերացնէ Հայաստանը), թէ Հայաստանի սահմանները պէտք է ճշդուին 1918-20 տարիներու քարտէսներու հիմամբ, իսկ խնդրոյ առարկայ, շինծու քարտէսները օրին մերժուած եւ սնամէջ նկատուած էին միջազգային հանրութեան կողմէ:

Թող կոյրը առաջնորդէ կոյրերը, իսկ հայը պիտի գտնէ կամքն ու հզօրանքը՝ Հայաստանին վերամիացնելու ամբողջ Արցախը, ապա նաեւ ճամբան պիտի շարունակէ դէպի մեր բոլոր իրաւունքներուն կենսագործումը: Հայ քաղաքական միտքը պիտի յաջողի փշրել տգիտութեան (չըսելու համար՝ տխմարութեան) այս շղթան, պիտի գտնէ իր ունեցած արդար խաղաքարտերը լաւագոյնս օգտագործելու հնարքները, որպէսզի բարեկամներուն պարտադրէ թէ ինչպէ՛ս կ’ըլլայ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ, որպէսզի վարձկաններ մեր երեսին չնետեն, որ արդարութիւնը կրնայ ընդմիշտ զոհ երթալ նիւթական (ազերիական քարիւղէն սպասուող) շահերուն:

Այլանդակ խճապատկերը պիտի փշրենք ի վերջոյ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել