kantsasar.com. Այսօր առաւօտեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ պաշարուած հազարաւոր բնակիչներ յաջողեցան դուրս ելլել Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն՝ սուրիական բանակին եւ ռուսական կողմին յատկացուցած մարդասիրական միջանցքներուն ճամբով:

ՍԱՆԱ հաստատեց, թէ աւելի քան 3500 բնակիչներ դուրս ելած են Հալէպի Պապ ալ Նէյրապի , Տուար Գատի Աասքարի , ալ Ազիզայի եւ Պապ ալ Հատիտի մարդասիրական միջանցքներէն՝փախչելով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու դաժան վերաբերմունքէն:

ՍԱՆԱ տեղեկացուց, թէ արեւելեան թաղամասերէն բնակչութեան ելքը կը շարունակուի, իսկ սուրիական բանակի ստորաբաժանումներն ու պատասխանատու մարմինները զանոնք հանրակարգերով կը փոխադրեն Ճըպրինի մէջ գտնուող ժամանակաւոր կացարաններ՝ տրամադրելով բժշկական եւ կենցաղային բազմապիսի ծառայութիւն:

Ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանի լրատուութեան համաձայն, անցնող 24 ժամուան ընթացքին 13346 քաղաքացիներ (5831- ը երեխաներ) դուրս ելած են Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն, 728 զինեալ ահաբեկիչներ վար առած են իրենց զէնքերը եւ ուղղուած դէպի Հալէպի արեւմտեան թաղամասեր, ուր տեղի ունեցած է անոնց իրավիճակի կարգաւորումը՝ Սուրիոյ նախագահին հրապարակած համաներման հրամանագիրին հիման վրայ:

«Ռուս մասնագէտները կը շարունակեն սուրիական բանակի ազատագրած շրջանները ականազերծել:Անոնք անցնող 24 ժամուան ընթացքին ականազերծած են մօտ 7,1 հեքտար եւ ճանապարհային 3,5 քիլոմեթր երկարութեամբ տարածք:

ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակի ստորաբաժանումերը դաշնակից ուժերու գործակցութեամբ իրենց ամբողջական հակակշռին տակ առած են Շէյխ Սայիտ , ալ Շահատին , ալ Իսքան , Քարմ ալ Աֆանտի , Քարմ ալ Տաատաա եւ ալ Սալիհին թաղամասերը՝ հասնելով Ճըսըր ալ Հաճ , ալ Ճալլում , Պապ ալ Մաքամ, ալ Ֆարտոս եւ Քալաաթ ալ Շարիֆ թաղամասերը:

Ռազմական աղբիւրներ նշեցին, թէ սուրիական բանակի ստորաբաժանումները կը շարունակեն իրենց յառաջխաղացքը դէպի ալ Քալլասէ , Պուսթան ալ Քասր եւ Սուք ալ Հէլ: