Իբրեւ արդիւնք իր այնքան երազած եւ տենչացած միջանցքի մօտակայ իրականացման լուրին՝ Ատրպէյճանի մենատէր Ալիեւ հասուն դիւանագէտի մը անվայել, լկտի բառամթերքով պարուրուած ՝վիրաւորական յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ըսելով. «Կ՛ընդունիմ այդ գաղափարը, եթէ մերոնք այդ միջանցքի երկայնքին հայու երես չտեսնեն», կամ ասոր պէս անտեղի, տտռոց բուրող յայտարարութիւն մը: Այս գիւտը եւ արտառոց գաղափարը կու գար իր քարիւղի հոսքին համար Արեւմուտքի պաշտամունքը վայելող՝ Ալիեւ կոչեցեալ մենատիրոջ կողմէն։
Եթէ Հայաստանի ղեկավարութեան տեղը ըլլայինք, հետեւեալ երգիծական բառերու կշռոյթով կը պատասխանէինք ինքզինք վերէն առաքուածի տեղ դրած ատրպէյճանցի ղեկավարին. «Հայութիւնն ալ, պարոն նախագահ, չուզեր աքլորատիպ քու կոնկոլոզ, տձեւ քիթդ տեսնել, հեռացի՛ր՝ մի երեւար մեր աչքին…»:
Սակայն օտարին կողմէ եղած ամէն վիրաւորանք եւ նախատինք սիրով ու համբերութեամբ տանող մեր վարչապետը նախընտրեց լռել՝ պապանձում Զաքարիայի մը պէս եւ եղածին պէս կուլ տալ աքլորատիպին վիրաւորական եւ անհեթեթ ակնարկութիւնը: Երանի թէ ան իր կիրառած քրիստոնիական նոյն ներողամտութեամբ վարուէր ներքին հակառակորդներուն հետ եւս:
Սակայն, միւս կողմէ, այնպէս կոչուած քրիստոնեայ բարեկամ երկիրներու ղեկավարները, որոնք կաթիլ մը նաֆթի կամ քարիւղի համար պատրաստ են իրենց հոգիները սատանային ծախելու, այո՛, կը հարցնենք՝ ինչո՞ւ այդ երանելիները չհակադարձեցին Ալիեւի փողոցայինի վայել վիրաւորական ելոյթին։
Կարդացեք նաև
Բարեկամներ, եկէք միամիտ չձեւանանք, Արեւմտեան ոչ մէկ պետութիւն մեր սեւ աչքերուն համար ոչ թուրքին, ոչ ալ անոր զարմիկին՝ ատրպէյճանցիին հետ վատամարդ պիտի ըլլայ: Եւ ճիշդ այդ իրականութենէն մեկնելով, հայութեան շահերը կը պահանջեն, որ նոյն դրօշին տակ հաշտ ապրելու, միանանք եւ զուտ ազգային քաղաքականութիւն վարենք՝ մեր ցուցամատը թշնամիին աչքը խոթելով։
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: