Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր քննեց նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի հետ, անոր Սաքրամենթոյի գրասենեակին մէջ Ապրիլ 20ին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին։
«Նիւսըմ վստահելի դաշնակից մը եղած է հայ համայնքին, եւ մենք երախտապարտ ենք իր շարունակական աջակցութեան համար։ Հանդիպումին ընթացքին մենք քննարկեցինք հայութեան առջեւ ծառացած կարեւոր հարցեր, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացան դէմ պայքարելու շարունակական ջանքերը, Արցախի ճգնաժամին ազդեցութիւնը Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին վրայ, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ հայերու պատկանող ձեռնարկութիւններուն աջակցելու կարելիութիւնները։ Երախտագիտութիւն յայտնեցի AB 91 բանաձեւին ստորագրութեան համար, որ կարեւոր քայլ մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու ջանքերուն համար», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ասթինէ Սիւլէյմանեան։
Պատուիրակութիւնը շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան յստակ կապը Արցախի 2023 թուականի ցեղասպանութեան հետ եւ դրուատեց Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու պայքարին մէջ Նիւսըմի ունեցած դրական դերակատարութիւնը, որ սկսած էր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ պաշտօնավարելու օրերէն:
Պատուիրակութիւնը նաեւ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց դաշնակցային իշխանութիւններուն կողմէ «Ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման խուսափումէն, որ վնաս կը հասցնէ տասնամեակներու պայքարով ձեռք բերուած ճանաչումին եւ կը քաջալերէ անոնց, որոնք կը ձգտին վերաշարադրել պատմութիւնը։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:


















































