Թեհրանի մէջ «Մարիամ-է Մողատտաս» («Օրհնեալ Կոյս Մարիամ») մեթրոյի կայարանին մէջ տեղի ունեցաւ 1980-1988ի Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած հայ զինուորներու դիմանկարներու ցուցահանդէս։ Լուրը կը հաղորդէ «Առաջին Մերձաւորարեւելեան» թելեկրամեան ալիքը:
«Մարիամ-է Մողատտաս» մեթրոյի կայարանը անուանուած է Իրանի հայկական համայնքին ի պատիւ եւ դարձած է Թեհրանի մէջ անոր պատմական ներկայութեան խորհրդանիշներէն մէկը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագոյն»-ում



















































