Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արցախի վտանգներուն մեծագոյնը Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ համախոհութեան բացակայութիւնն է. «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 11,2022 10:20

Իշխանական խմբակցութիւնը, հակառակ անոր, որ պատերազմէն ետք կը պնդէր արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, հիմա դէմ կ՛արտայայտուէր ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի ձեւակերպման։ Այս կեցուածքին բացատրութիւնն ալ կը յստականար՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեամբ, հակառակ անոր որ Աղաճանեան Լաւրովի յայտարարութենէն քանի մը օր ետք կը ջանար բացատրել, թէ Ալմա Աթայի հռչակագրին յղումը բնաւ չի նշանակեր, թէ յետագային Արցախի կարգավիճակի հարցին քննարկման հնարաւորութիւն չկայ։

Կեցուածքներու եւ դիրքորոշումներու ժապաւէնը այսպէս է։ Նախ Փրակայի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ համաձայնեցան խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ Մ․Ա․Կ․-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագրին հիմամբ, առանց վերապահութիւններու։Ասիկա մէկ։
Երկրորդ կեցուածքը արձանագրուեցաւ Սոչիի մէջ,ուր Իլհամ Ալիեւ մերժեց Արցախի կարգավիճակը ապագային քննարկելու առաջարկը, պարզապէս որովհետեւ Փրակայի մէջ, ինչպէս ձեւակերպեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը փակուած էր, որովհետեւ կողմերը համաձայնած էին խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, ըստ Ալմա Աթայի հռչակագրին մէջ,ուր ամրագրուած է, թէ նախկին խորհրդային պետութիւնները իրարու սահմանները կը ճանչնան՝ նախկին խորհրդային Միութեան սահմաններուն հիմամբ։Ասիկա կը նշանակէր,որ հայկական կողմը Արցախը կը համարէր Ատրպէյճանի մասը, նկատի ունենալով,որ նախկին խորհրդային օրերու Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը մաս կը կազմէր Ատրպէյճանի։Հոս պէտք է նշել, որ հայկական կողմը իր համամտութիւնը տուաւ Ալմա Աթայի հռչակագրին եւ Մ․Ա․Կ․-ի կանոնադրութեան հիմամբ խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման, առանց նշելու Ալմա Աթայի հռչակագրին կից արձանագրութեան, ուր յղում կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի։Այս արձանագրութիւնը վերապահութեամբ ստորագրուած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ։

Կեցուածքներու երրորդին հեղինակը Էտուարտ Աղաճանեանն է, որ թարգմանը հանդիսանալով Երեւանի իշխանութիւններուն դիրքորոշման, սլաքները ուղղեց Մոսկուայի, երբ յայտարարեց, որ ռուս գործընկերները պէտք է ցոյց տան, թէ որքան պատրաստակամ են ապահովելու իրենց առաջարկին գործադրութիւնը, թէ Արցախի կարգավիճակին խնդրին լուծումը պէտք է ապագայի սերունդներուն ձգել։Աղաճանեանի այս յայտարարութեան պատասխանը արդէն իսկ տրուած էր Լաւրովի կողմէ, որ շեշտեց, թէ Փրակայի մէջ Ալմա Աթայի հռչակագրին հիմամբ խաղաղութեան համաձայնագրի մը համամտութիւնը տուած հայկական կողմը, ինչ տրամաբանութեամբ կրնայ ակնկալել, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ պնդել, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակին լուծումը պէտք է յետաձգել եւ վստահիլ յաջորդ սերունդներուն։

Զարգացումներու այս ենթահողին վրայ Արցախի եւ արցախահայութեան ցցուած վտանգներուն մեծագոյնը Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ համախոհութեան բացակայութիւնն է, որ իսկապէս լրջօրէն կը վտանգէ Արցախն ու արցախահայութիւնը։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031