Հինգշաբթի, Մայիս 21-ին, Լոս Անճելըս քաղաքի Պատմական հարստութեանց մշակումի գրասենեակը յայտարարեց, որ սկսած է քաղաքի հայութեան պատմութեան եւ հայութեան համար պատմական կարեւոր կառոյցներուն նուիրուած տեղեկագիրի մը պատրաստութեան՝ «Հայ-Ամերիկեան Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր» ընդհանուր խորագրին տակ։
Երկու տարուան վրայ երկարող ծրագիրը ամերիկահայ ժառանգութեան պահպանութեան համապարփակ նախաձեռնութիւն մըն է, որ հաւանաբար առաջինն է իր տեսակին մէջ՝ կեդրոնացած յատկապէս հայկական ժառանգութեան վրայ։
««Հայ-Ամերիկեան Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր»ը ողջունելի ճանաչումն է այն նշանակալի դերին, որ ամերիկահայերը ունեցած են ժամանակակից Լոս Անճելըսը կերտելու գործին մէջ», ըսաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեան, աւելցնելով․ «Հարիւր տարուան ընթացքին հայ գաղթականները եւ անոնց սերունդները կարեւոր ներդրումներ ունեցած են Լոս Անճելըսի կրթութեան, արուեստին եւ գիտութեան, առեւտուրին եւ քաղաքացիական կեանքին մէջ։ Անոնց իրագործումներուն հետ կապուած վայրերը պէտք է արձանագրուին եւ տօնուին»։
Նման տեղեկագիրները հակիրճ թղթածրարներ են, որոնք կ՛արձանագրեն եւ կը գնահատեն քաղաքին պատմական հարստութիւնները՝ կեդրոնանալով այն կէտին վրայ, թէ աշխարհագրութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը ինչպէս ազդած են համայնքի մը զարգացման վրայ, ժամանակի ընթացքին։
Կարդացեք նաև
«Հայ-Ամերիկեան Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր»-ը պիտի դառնայ Լոս Անճելըս քաղաքին «Համաքաղաքային Պատմական Իրավիճակի Տեղեկագիր»ին մէկ մասը, որ կը ծառայէ իբրեւ ծրագրումի հիմնական գործիք Լոս Անճելըսի պատմական իւրայատկութիւնները եւ շրջանները բացայայտելու, արձանագրելու եւ գնահատելու համար։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել նախաձեռնութեան կայքէջը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագոյն»-ում


















































