Միայն մէկ բան յայտնի է առայժմ կամ ցնոր տնօրինութիւն. որ նախնական տուեալներով Նիքոլ Փաշինեանը եւ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը չեն յաղթահարած 50+ սահմանը, հետեւաբար չեն կրնար կառավարութիւն կազմելու եւ վարչապետ նշանակելու իրենց ծրագիրը պարտադրել: Առնուազն 4 կուսակցութիւն՝ Նիքոլի «Քաղաքացիական պայմանագիր», Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան դաշինք», Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը եւ, հաւանաբար, Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կազմակերպութիւնները յաղթահարած են խորհրդարան անցնելու սահմանագիծը: Վերջին՝ ընդդիմադիր 3 ուժերը տակաւին երկմտանքի մէջ են՝ հրաժարի՞լ իրենց պատգամաւոր ունենալու իրաւունք mandate-ներէն, թէ՞ մտնել խորհրդարան՝ հո՛ն շարունակելու իրենց պայքարը:
Սպասելով վերջնական որոշումներուն, նաեւ՝ քուէները հաշուող ու տակաւին տատամսող մարմինին եզրակացութեան, մեր կողմէ կրնանք կրկին ափսոսանք յայտնել, որ համերաշխութեան, համահայկականութեան, ազգաշահութեան մեր ձգտումները արդիւնաւորուած չեն, դժբախտաբար:
Հետեւաբար, մենք, Սփիւռքի մէջ տակաւին մեր հայու ինքնութիւնը չկորսնցուցած հայերս, պիտի շարունակենք քաղաքական պայքարը ընդդեմ Նիքոլ Փաշինեանի ազգակործան իշխանութեան՝ վասն Մայր հայրենիքի եւ Հայոց պետութեան հզօրացումին:
Իր ապազգայնութեամբ, թրքասիրութեամբ, հակաժողովրդական ու հակամարդկային գործունէութեամբ եւ ստախօսութեամբ Նիքոլ Փաշինեանը այս ընտրութիւններուն գերազանցեց ինքզինք՝ նոր մրցանիշներ հաստատելով:
Ռ. Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» շաբաթաթերթում


















































