Nor Marmara. Հայաստանի Խորհրդարանի Նախագահ Ալէն Սիմոնեան ու իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
ՇԱՀԵԿԱՆ ԶՐՈՅՑ ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՔ. ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ ՀԵՏ – ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
…..
Պատմական օր մը՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան երդիքին տակ։
Այս նախադասութիւնը, թերեւս, ամենէն դիպուկ կերպով կը բնութագրէ այն դրական ու ոգեշնչող մթնոլորտը, որ 18 Ապրիլ, Շաբաթ օր, տիրեց մեր հոգեւոր կեդրոնին մէջ՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութեան առիթով։
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, Ալէն Սիմոնեան Իսթանպուլ ժամանած էր՝ մասնակցելու Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին։ Պաշտօնական նիստերու եւ երկօրեայ դիւանագիտական շփումներու աւարտէն ետք, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանի կազմակերպութեամբ, իրականացաւ հայոց հոգեւոր կեդրոն այցելութիւնն ու Պատրիարք Հօր հետ հանդիպումը։
Կարդացեք նաև
Պրն. Սիմոնեանն ու իր ընկերակիցները, — որոնց շարքին էին Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխան Սարգիս Խանդանեան, նոյն կուսակցութեան երեսփոխան Յասմիկ Յակոբեան, պիւտճէի եւ ֆինանսավարկային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ծովինար Վարդանեան, Ալէն Սիմոնեանի խորհրդական Աշխէն Հայրապետեան, մամլոյ բանբեր Մովսէս Յարութիւնեան, օգնական Կարլէն Գրիգորեան, այլ պաշտօնեաներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ — առտուան ճիշդ ժամը 11։00-ին ժամանեցին Գումգաբու։
Պատրիարք Հայրը՝ Ամեն. Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Մաշալեան, Յովակիմ Վարդապետը, Շիրվան Քահանան, Նայիրի Պետրոսեանը, խորհրդական Անահիտ Չալիկեանը, պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակիցները, Պատրիարքարանի մուտքին մօտ դիմաւորեցին յարգարժան հիւրերը։
Հայաստանի պատուիրակութիւնը նախ առաջնորդուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ապա աղօթք եւ Պատրիարք Հօր կողմէ տրուեցան համառօտ տեղեկութիւններ։
Այնուհետեւ, բոլորը միասին անցան Պատրիարքարան, ուր հանդիպումներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ եւ բովանդակալից զրոյց Պատրիարք Հօր եւ հիւրերուն միջեւ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յովակիմ Վարդապետն ու Շիրվան Քահանան։
Պատրիարքարանը այս առիթով յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց։
***
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, որ Իսթանպուլի մէջ կը գտնուէր միջազգային դիւանագիտական հանդիպումներու առիթով, ցանկութիւն յայտնած էր 18 Ապրիլ 2026, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, իր պատուիրակութեամբ այցելել Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարան։ Մեծայարգ Սիմոնեանի փափաքին ընդառաջելով՝ Նորին Ամենապատուութիւն Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց զայն եւ ընկերակիցները՝ Պատրիարքարանի պաշտօնական գրասենեակին մէջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ արձանագրուած լարուածութիւններուն, արտայայտելով իր եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներու մտահոգութիւնը։ Ան մաղթեց, որ մօտիկ ապագային վերջ գտնէ այս անբաղձալի վիճակը, եւ վերահաստատուի հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ։
Պատրիարք Հայրը նաեւ ընդգծեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու կարեւորութիւնը, ապագային դիւանագիտական կապերու հաստատումը եւ ամրապնդումը, որոնք յոյս պիտի ներշնչեն տարածքաշրջանի ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութեան եւ համատեղ զարգացման։
Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իր մեծայարգ հիւրին՝ ազգանուէր եւ պետականանպաստ գործունէութեան մէջ։
***
Այս հանդիպումին յաջորդեց պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ նախ ծանօթացում, ապա՝ խիստ օգտաշատ եւ բովանդակալից ասուլիս մը։ Բոլոր հրաւիրեալները ներկայ էին։ «ՄԱՐՄԱՐԱ»ն ներկայացուց խմբագրապետուհի Նաիրա Մկրտչեան-Սիւզմէ։ Միւս լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներն էին՝ «Ակօս»-էն Եդուարդ Տանձիկեան, Իշխան Էրտինչ եւ Լիւսիէն Գօփար, «Լոյս մետիա»-էն Արամ Գուրան, Էտկար Իկիթեան եւ Պարգեւ Սամուէլեան, «Փարոս»-էն Մկրտիչ Արծիւեան, «Ժամանակ»-էն Արա Գօչունեան, իսկ «Թէթ աժանտա»-էն՝ Շահնուր Գազանճը։
Պատրիարք Հօր հետ ունեցած ջերմ հանդիպման դրական մթնոլորտը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ ասուլիսի վրայ։ Ալէն Սիմոնեան եւ իր մամլոյ բանբեր Մովսէս Յարութիւնեան լրագրողներուն հետ նոյն սեղանի շուրջ նստելով՝ սկսան բաց եւ անկեղծ զրոյցի մը։
Ուրախալի էր արձանագրել, որ ժամանակային որեւէ սահմանափակում չկար։ Ալէն Սիմոնեան հանգիստ եւ առանց շտապելու պատասխանեց բոլոր հարցումներուն՝ մանրամասն բացատրելով թէ՛ իշխանութիւններու, թէ՛ իր անձնական դիրքորոշումները։
Առանց որեւէ կաշկանդումի մեր հարցումները ուղղեցինք եւ որեւէ խուսափողական արտայայտութիւն չլսեցինք իրմէ։
Հարցումները կը յաջորդէին իրարու, առնչուելով Հայաստանի իշխանութիւններ-Մայր Աթոռ առճակատման, Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան գործընթացի վերջին զարգացումներ, Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ ղարապաղցիներու նկատմամբ «ոչ-բարեացակամ վերաբերում», տարածքաշրջանային խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի կայուն ապագայի համար, Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը եւայլն։ Բոլորին ալ անկեղծ պատասխաններ տրուեցան Ալէն Սիմոնեանի կողմէ։
Մարմարա-ի անունով հարցումները կը վերաբերէին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակ տեղափոխելու հրամայականին, Խորհրդարանական ընտրութիւններուն դուրսէն յատկապէս քանի մը ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ «ընտրողներ» գնելու եւ զանոնք ընտրելու համար Հայաստան բերելու, Հայաստանի զարգացման ապագայի տեսլականին։
Խորհրդարանի Նախագահը պարզ ու համոզիչ նախադասութիւններով ներկայացուց իր տեսակէտը։ Համամիտ գտնուեցաւ որ այո՛ Սփիւռքի աւանդական դիմագծութեան պէտք է համադրել նաեւ նորօրեայ իրականութիւններով պայմանաւորուած հրամայականները, փոխել քաղաքականութիւնը, որովհետեւ եթէ նախապէս Սփիւռքը պէտք էր միայն դրամահաւաքի, կարգ մը ծրագիրներու նիւթական օժանդակութեան համար, հիմա պետութիւնը պէտք ունի Սփիւռքի մարդուժին։ «Կը տեսնէք որ համահայկական դրամահաւաք իսկ չենք կազմակերպեր, Սփիւռքէն դրամ չենք ուզեր այս կամ այն ծրագիրը իրականացնելու համար, պետութիւնն ու Սփիւռքը պէտք է նոր որակ մը հաղորդեն իրենց համագործակցութեան», ըսաւ Ալէն Սիմոնեան։
Գալով «բերովի ընտրող»ներուն, ան համամիտ գտնուեցաւ որ այո՛ յատուկ գործիքակազմ մը չունին այդ ընտրողներու մուտքը արգիլելու համար, եթէ նոյնիսկ այդ մարդիկը տարիներով Հայաստանի մէջ չեն ապրած եւ հիմա ընտրութիւններու համար «կը գործածուին» կարգ մը ուժերու կողմէ, Հայաստան գալու եւ քուէարկելու համար։
«Նորէն ալ մեր հասակաց կարծիքն այն է որ նոյնիսկ այդ մարդիկը պիտի քուէարկեն իշխող ուժի ի նպաստ, որովհետեւ իմաստուն ժողովուրդ ենք եւ գիտենք թացը չորէն զատել։ Վստահ ենք որ այդ ընտրողներն ալ շատ լաւ գիտեն որ միակ հայրենիք մը ունին ու պէտք չէ որ երկիրը նոր վերիվայրումներու մէջ իյնայ», շեշտեց Խորհրդարանի Նախագահը։
Բազմաթիւ պոլսահայերու ձայնին ալ թարգման հանդիսացանք հարցնելով թէ ի՞նչպիսի ապագայ մը կը սպասուի Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն։ Ալէն Սիմոնեան դիտել տուաւ որ շուրջ 30 տարի Հայաստան կախուածութեան մէջ մնաց միակ երկրէ մը (Ռուսաստանէն) եւ հիմա չ’ուզեր փոխել դերակատարը՝ այսինքն իյնալ «ուրիշի մը գիրկը»։ Իշխանութիւնները հաւասարակշռեալ քաղաքականութիւն կը վարեն եւ որպէս առանցք ունին միայն երկրի պետական շահը։ «Հարկաւ որ չենք կրնար երկրի ապագան կապել Ռուսաստանին, ուր որեւէ յառաջընթաց չկայ։ Տեսէք համացանցն իսկ արգիլուած է, այդ երկիրը կամաց-կամաց կը փակուի աշխարհին։ Մարդու ազատութիւնները կ’ոտնահարուին, Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմը աւելի քան 1 միլիոն մարդու կեանք խլած է, երկիրը կը վերածուի բռնատիրութեան։ Մենք ինչպէ՛ս կրնանք Հայաստանի ապագան տեսնել այդպիսի երկրի մը հետ համագործակցութեան մէջ։ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը շատ բարձր մակարդակի վրայ է, ազատութիւնները նոյնպէս։ Մեր ժողովուրդը ազատատենչ է, հետեւաբար արժէքային համակարգի տեսակէտէ մեզի համար նախընտրելին Եւրոմիութիւնն է, եւրոպական ընտանիքը», շեշտեց Ալէն Սիմոնեան։
Միւս հարցումներու առնչութեամբ, Խորհրդարանի Նախագահը շեշտեց որ ժամանակները փոխուած են, հիմա Հայաստան միայն ի՛ր շահն է որ գերակայ կը նկատէ եւ գործիք չի մնար այս կամ այն պետութեան ձեռքին։ «Նայեցէք, Իրան 14 երկիրներու հետ պետական սահման ունի։ Բացի Հնդկաստանէն ու Փաքիստանէն, որոնք աթոմային զէնք ունին, հետեւաբար Իրան կը վարանի այդ երկիրները թիրախաւորելէ, միայն Հայաստանն է որ չէ թիրախաւորուած։ Իրանի հետ յատուկ յարաբերութիւններ ունինք եւ տէր կը կանգնինք մեր իրաւունքներուն, ըսաւ Պր. Սիմոնեան։
Հարցումներէն մէկուն պատասխանելով, Խորհրդարանի Նախագահը ըսաւ որ Հայաստան-Թուրքիա հաշտութեան գծով իրենք այլեւս որեւէ ըսելիք չունին։ Գնդակը Թուրքիոյ կողմն է, իրականութեան մէջ Թուրքիան ալ չի գիտեր ի՞նչ պատասխանել։ «Տարօրինակ վիճակ է, Հայաստան ու Ատրպէյճան բեռնափոխադրումներ կ’ունենան, բայց Ատրպէյճան չի թողուր որ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար։ Թուրքիա կարծես գերի մնացած է Ատրպէյճանական լոպիի կամ քաղաքական շրջանակներու ձեռքը», ըսաւ Ալէն Սիմոնեան, բացատրելով թէ ինչո՞ւ Հայաստան այս անգամ Արտաքին գործոց նախարարի կամ յատուկ բանագնացի մակարդակով չմասնակցեցաւ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին։ Ըսելիք բան չունինք, Թուրքիայէն յստակ քայլեր կ’ակնկալենք, ընդգծեց Հայաստանի բարձրաստիճան հիւրը։
Ղարապաղցիներու նկատմամբ ոչ-այնքան դրական դիրքորոշումը բացատրելով, Ալէն Սիմոնեան ըսաւ որ այդ մէկը քիչ մը զգացական ենթահող ունի։ Հայաստանի նախկին իշխանական վերնախաւին մէջ ղարապաղցիներու «քլան»ը գերիշխող էր, այդ մարդիկը հարստահարելով ժողովուրդը, ապօրինաբար մեծ դրամներ իւրացուցին, Հայաստանը նկուն վիճակի մէջ թողուցին «պարտք գոյքի դիմաց» կործանարար պայմանագրի հետեւանքներով։ «Այսպէս կամ այնպէս, մարդիկ Ռոպէրթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի անոնց մերձաւոր շրջապատի, ծնունդով ղարապաղցի նախկին պաշտօնեաներու պատճառով, ակամայ զգացական տեսակէտէ ահանդուրժող կը դառնան նաեւ ղարապաղցիներու դէմ, բայց այդ ալ պիտի անցնի։ Կամաց-կամաց ղարապաղցիներն ալ պիտի համարկուին, իրենց տունը պիտի նկատեն Հայաստանը, որովհետեւ հոն կ’ապրին առանց վախի, կ’օգտուին ամէն տեսակ յատկացումներէն, երկրի լիարժէք հայրենակիցներ դառնալու համար», շեշտեց Պր. Սիմոնեան։
Կառավարութիւն-Մայր Աթոռ առճակատման մասին հարցումի մը պատասխանելով, Խորհրդարանի Նախագահը ըսաւ որ եկեղեցւոյ հետ որեւէ խնդիր չունին, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ջերմ հաւատացեալ է, խնդիրը կարգ մը հոգեւորականներու հետ է, որոնք եկեղեցին ներքաշեցին քաղաքական կեանքի մէջ, հոգեւորականներ ներգրաւեցին երկրի սահմանադրական կարգը տապալելու համար, կան բարձրաստիճան հոգեւորականներ որոնք այլ երկիրներու գործակալ են, հետեւաբար պէտք է որ եկեղեցին ալ բարեփոխումներու երթայ։
Հետաքրքրական զրոյցը վերջացաւ դրական լիցքերով ու յիշատակի լուսանկարներով։ Ապա Խորհրդարանի Նախագահն ու ընկերակիցները առաջնորդուեցան դէպի թանգարան, ուր Յովակիմ Վարդապետը մի առ մի ծանօթացուց ներկայացուած թանկագին ցուցանմոյշները։
Ձեռքսեղմումով, նոր հանդիպումներու եւ Հայաստանի ապագայի համար լաւատեսութեամբ հրաժեշտ տուինք հիւրերուն, որոնք նոյնպէս խանդավառ էին եւ գոհ՝ ստեղծուած ջերմ միջավայրէն։


















































