Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իսրայէլ պէտք է զինուորական ոյժերը քաշէ հարաւային Լիբանանէն. Արամ Ա-ն՝ Քարտինալ Փարոլինին

Մայիս 19,2026 14:43 Share

Cilicia.TV. Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը, Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ Քարտինալ Փարոլինի հետ: Վերջինս վարչապետն է Վատիկանի եւ կը նկատուի երկրորդ կարեւոր անձը՝ Պապէն ետք: Քարտինալը պատասխանատուն է Վատիկանի վարչական, քաղաքական եւ արտաքին յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն:

Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ գնահատեց Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին գլխաւորութեամբ կառավարութեան հետեւողական աշխատանքը: Ապա, անդրադառնալով հարաւային Լիբանանին՝ ան ըսաւ, որ Իսրայէլ պէտք է իր զինուորական ոյժերը քաշէ հարաւային Լիբանանէն, երկրին բանակը ստանձնէ ընդհանուր ապահովութիւնը եւ Լիբանանի պետութիւնը վերահաստատէ իր գերիշխանութիւնը բոլոր շրջաններէն ներս: Հայրապետը նաեւ շեշտեց Լիբանանի բոլոր համայնքներուն միջեւ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը եւ ջերմօրէն ողջունեց Լիբանանի գծով Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ շեշտելով քրիստոնեաներու արտագաղթը կասեցնելու հրամայականը եւ այս գծով շրջանի եկեղեցիներուն դերը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս բարձր գնահատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերահաստատման գծով Վատիկանի ցուցաբերած շարունակական նեցուկը: Խօսելով Արցախի մասին՝ Սրբազնագոյն Հայրապետը ըսաւ, որ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը եւ անոր իրաւունքներուն վերահաստատումը, եկեղեցիներու ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակումը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար հրամայական է: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Վատիկանի աջակցութեան:

Քարտինալ Փարոլին, իր կարգին, խօսելով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներու մօտ Վատիկանի տարած աշխատանքներուն մասին: Ընդհանրապէս Արցախի եւ յատկապէս բանտարկեալներու ազատ արձակման գծով Վատիկանի կողմէ կատարուող նախաձեռնութիւններուն մասին եւս որոշ լուսաբանութիւններ փոխանցեց: Քարտինալ Փարոլին ողջունեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած առաջարկը՝ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու՝ Վատիկանի մէջ յատուկ խորհրդակցական հանդիպումներ կազմակերպելու:

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Փարոլինին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական եկեղեցիներուն պատկերները բովանդակող երկու հատորներէ բաղկացած հրատարակութիւն մը: Իսկ Քարտինալ Փարոլին Նորին Սրբութեան յուշանուէր մը յանձնեց:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ առանձին զրոյց ունենալու Քարտինալին հետ՝ կարգ մը զգայուն բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր    
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031