Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կարեւոր առիթ մը՝ ամրապնդելու միութեան կապերը, որոնք արդեն գոյութիւն ունին մեր միջեւ. Հռոմի պապի ողջերթի խոսքը Արամ Ա-ին

Մայիս 21,2026 11:56 Share

ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻՆ ՈՂՋԵՐԹԻ ԽՕՍՔԸ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին ժողովուրդին հետ ունեցած շաբաթական հանդիպումին:

Վատիկանի կարեւոր աւանդութիւններէն մէկը նկատուող յիշեալ հանդիպումներուն ներկայ կ՚ըլլան աշխարհի բոլոր շրջաններէն Վատիկան ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներ:


Սուրբ Պետրոսի պատմական հրապարակին վրայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայցութեան տեղի ունեցած արարողութեան սկիզբը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց ժողովուրդին:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շատ ուրախ եմ բարի գալուստ մաղթելու Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ իրեն ընկերացող պատուարժան պատուիրակութեան։ Այս եղբայրական այցը կը ներկայացնէ կարեւոր առիթ մը՝ ամրապնդելու համար միութեան կապերը, որոնք արդեն գոյութիւն ունին մեր միջեւ, մինչ կը մօտենանք մեր եկեղեցիներու լիակատար միութեան:

Ձերդ Սրբութի՛ւն, այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք տօնելու Հոգեգալուստը, Սուրբ Հոգիին շնորհքը կը հայցեմ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու դամբարաններուն ձեր կատարելիք ուխտագնացութեան վրայ, եւ կը հրաւիրեմ բոլոր ներկաները ջերմեռանդօրէն աղօթելու առատաձեռն Տիրոջ, որպէսզի ձեր այցելութիւնն ու հանդիպումները յաւելեալ քայլ հանդիսանան դէպի լիակատար միութիւն տանող ճամբուն վրայ։

Աղօթենք նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, որոնք դարձեալ յօշոտուած են բռնութեամբ եւ պատերազմով: Բարի եկած էք, Ձերդ Սրբութի՛ւն, սիրելի՛ եպիսկոպոսներ եւ սիրելի՛ բարեկամներ։

Միասնաբար հայցենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ, ամէնէն առաջ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոնք լուսաւորեն մեր ուղին դէպի այն լիակատար միութիւնը, զոր բոլորս կը բաղձանք»:

Ապա, Սուրբ Պետրոս հրապարակի բեմին վրայ, ժողովուրդին ներկայութեան, Պապը եւ Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական սիրոյ ողջագուրումով եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ տուին:

Աւարտին, Նորին Սրբութեան պատուիրակութիւնը երգեց «Կիլիկիա» օրհներգը եւ հայրապետական մաղթերգը, ուր յիշուեցան Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անունները:

Cilicia TV

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր    
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031