Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայ ծերանոցի ապաստանեալները ստիպուեցան հեռանալ իրենց կեցութեան վայրէն՝ «Վ․ Կիւլպէնկեան» մայրանոցէն․ «Գանձասար»

Հունիս 27,2026 17:51 Share

«Գանձասար» – Հալէպի «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցը սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան համար բարերար դերակատարութիւն ունեցած է՝ ծառայելով յետ-ցեղասպանութեան գաղթական հայութեան, ապա նաեւ որպէս ծննդեան տուն բոլոր յարանուանութիւններու հայ մայրերուն։

Սուրիական տագնապի տարիներուն, մայրանոցը այլ կառոյցներու նման փակած էր իր դռները։

Երբ Հալէպի Պոսթան Փաշա շրջանի հալէպահայ երեք համայնքներուն հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Ծերանոցի կառոյցը բախումնային գօտիի մէջ յայտնուեցաւ, համայնքապետները որոշեցին անմիջապէս տեղափոխել մամիկներն ու պապիկները եւ փրկել անոնց կեանքը։

Օրին, հայ երիտասարդները, վտանգելով իրենց կեանքը, փութացին ապաստանեալներու օգնութեան եւ կրակոցներու տակ տեղափոխեցին զիրենք նախ «Աստուրեան» հիւանդանոց, ապա «Վ․ Կիւլպէնկեան» մայրանոց։

«Վ․Կիւլպէնկեան» մայրանոցը, իր աշխարհագրական դիրքով աւելի հանդարտ ու հայաշատ թաղամասի մէջ ըլլալով, ժամանակաւորապէս դարձաւ ապահով երդիք մը Հայ Ծերանոցի տարեցներուն։ Պատերազմի շարունակուող աղէտին զուգահեռ Հայ Ծերանոցի Պոսթան Փաշայի բուն կեդրոնը քարուքանդ դարձաւ ու թալանուեցաւ։

Հալէպահայ համայնքապետները Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հաստատութեան տնօրէն-խորհուրդին հետ խորհրդակցաբար, յարմար նկատեցին մինչեւ Պոսթան Փաշա շրջանին մէջ գտնուող Հայ Ծերանոցի վերանորոգումը, «Վ․Կիւլպէնկեան» մայրանոցը պահել մեր մամիկներն ու պապիկները եւ համապատասխան յարմարութիւններ ստեղծել այնտեղ։

Հայ Ծերանոցի քանդուած կառոյցը նորոգելը կը կարօտէր հսկայական գումարներու եւ ժամանակի, իսկ համայնքապետները կը ջանային ապահովել անհրաժեշտ նիւթականը եւ յարմար պահուն սկսիլ վերանորոգումը, որ սակայն ժամանակ կը պահանջէր։ Կը մտածուէր նոյնիսկ ազգային կառոյցներէն մէկը վերադասաւորել, յարմարութիւններով օժտել եւ յատկացնել ապաստանեալներուն, մինչեւ Հայ Ծերանոցի վերջնական վերանորոգումն ու կահաւորումը։

Ցաւօք, սակայն, օրերս, «Վ․Կիւլպէնկեան» հաստատութեան սեփականատէրը, չսպասելով Հայ Ծերանոցի կեդրոնի վերանորոգման ու ապա տարեցներու տեղափոխման, դատական միջոցներով «Վ․ Կիւլպէնկեան» մայրանոցը պարպելու քայլին դիմեց։ Համայնքը, դատարանի որոշումին լոյսին տակ, մամիկներն ու պապիկները հապճեպով դուրս հանելու ստիպողութեան տակ գտնուեցաւ։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Ազգ․ Վարչութեան ատենապետը եւ գաղութի պատասխանատուները, ծանր բանակցութիւններ վարելով հիւանդանոցի պարպումը պահանջող կողմէն, խնդրեցին գէթ կարճ շրջան մը առիթ տալ վատառողջ, տարեց մամիկներն ու պապիկները հանգիստ պայմաններով փոխադրելու։ Սակայն երկրորդ կողմը գործակցութիւն չցուցաբերեց եւ բանակցութիւններու արդիւնքով միայն երեք օրուան առիթ ընծայուեցաւ պարպումի աշխատանքին համար։

Հայ Ծերանոցի խնամակալութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Հոգշ․ Տէր Մանուկ Վրդ․ Պարիխանեանի, Ծերանոցի ամբողջ անձնակազմը, հսկողութեամբ՝ տնօրէն Թամար Բարսեղեան-Սարգիսեանի, աշխատանքի լծուեցան ու ձեռք-ձեռքի օրն ի բուն, երբեմն մինչեւ կէս գիշեր ծառայելով՝ Ծերանոցի տարեցները եւ կահոյքը փոխադրեցին։ Տիկնաց յանձնախումբը խոհանոցի իրերու դասաւորումը եւ երէցներու հոգատարութիւնը ստանձնեց փոխադրութեան ընթացքին։ Պարպումի աշխատանքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բերիոյ Թեմի Ազգ․Վարչութիւնը։

Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ-ի), ապա նաեւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ-ի) երիտասարդ-երիտասարդուհիները կամաւոր ծառայութեամբ փութացին հայ մամիկներու եւ պապիկներու օգնութեան՝ փոխադրութեան աշխատանքներուն նպաստելով։ Ապաստանեալները, որոնց մէջ նաեւ վատառողջ պարագաներ, առանձին չէին այս դժուարութեան մէջ։ Թէեւ յարմարաւէտ վայր չունէին, իսկ Պոսթան Փաշայի իրենց երբեմնի հանգստաւէտ կեդրոնը տակաւին քարուքանդ վիճակի մէջ էր, սակայն անոնք առժամաբար փոխադրուեցան ազգային կառոյցներ՝ Ազգ․ Պատսպարան եւ հայ առաքելական Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր իրենց ապաստան յատկացուեցաւ եւ երիտասարդուհիներուն կողմէ յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերուեցաւ՝ ապաստանեալներու հոգեկան վիճակը բարելաւելու համար։

Փոխադրութիւնը երեք օրերու ընթացքին, երեք փուլերով ընթացաւ։ Առաջին փուլին՝ Երկուշաբթի օր, շէնքի բոլոր իրերու ցանկագրումը կատարուեցաւ, երկրորդ փուլին՝ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, շէնքի ամբողջական պարպումն ու իրերու փոխադրումը տեղի ունեցաւ։ Իսկ Չորեքշաբթի օր՝ բոլոր տարեցներու փոխադրումը։

Փոխադրութեան վերջին օրը մամիկներուն եւ պապիկներուն այցելեցին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Արմէն Վրդ․ Գալայճեան (սրբազան հօր ճամբորդութեան պատճառով), Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդն ու Հայ Աւետարանական Համայնքի պետը։

Այժմ ապաստանեալները ազգային կառոյցներու մէջ ժամանակաւոր ապաստան գտած են, մինչեւ որ կարելիութիւն ստեղծուի ժամանակաւոր այլ կառոյց մը յարմարաւէտ առողջապահական պայմաններով օժտելու եւ երկրի տնտեսական ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ անոնց առողջապահական եւ կեցութեան հարցերը լուծելու։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել