Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք վերահաստատուեցաւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու ժողովը

Հուլիս 31,2026 23:52 Share

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ դարաւոր եղբայրական յարաբերութիւնները, փոխադարձ յարգանքն ու գործակցութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնական վկայութեան պահպանման եւ քրիստոնէական արժէքներու տարածման մէջ։ Մեր օրերուն, երբ աշխարհը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային մարտահրաւէրներ, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները համախոհութեամբ եւ փոխադարձ սիրոյ ոգիով ամրապնդեն իրենց կապերը՝ յօգուտ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ ընդհանրական քրիստոնէական վկայութեան։

Այս տեսլականին եւ առաքելութեան լոյսին տակ, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հիւրընկալութեամբ, Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2026-ի առաւօտուն, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ, երկար տարիներու դադարէ ետք, վերահաստատուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու ժողովը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քալիֆորնիոյ Մետրոպոլիտ Սերապիոն Արքեպիսկոպոսը, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդ Մոր Քլեմիս Եւգէն Քափլանը եւ յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արք. Խաչերեանը եւ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը։

Ժողովը սկիզբ առաւ աղօթքով եւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բարի գալուստի խօսքով։ Ապա ժողովը ընթացաւ եղբայրական սիրոյ, համագործակցութեան եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Առաջնորդները մտքեր փոխանակեցին միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ամրապնդման, հովուական ծառայութեան, ժամանակակից ընկերութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միացեալ վկայութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։

Խորհրդակցութեան ընթացքին յատուկ շեշտ դրուեցաւ ապագային Քալիֆորնիոյ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու հոգեւորականներու միացեալ համախմբումներու, աստուածաբանական եւ հովուական հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ երիտասարդական համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպման վրայ՝ սերունդներու միջեւ հոգեւոր կապը խորացնելու եւ եկեղեցիներու եղբայրական համագործակցութիւնը գործնական դաշտ փոխադրելու նպատակով։

Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազանները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք այս հանդիպումներու վերահաստատման առիթով՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւններու նոր զարթօնքին եւ համագործակցութեան նոր փուլին։

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի Հոկտեմբեր 21-ին, հիւրընկալութեամբ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քալիֆորնիոյ Մետրոպոլիտ Սերապիոն Արքեպիսկոպոսին։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

29 Յուլիս, 2026

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Հուլիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031