Աշխարհը… յատկապէս քաղաքակրթուած ու կատարելոգործուած աշխարհը սովորաբար օրինակներ կը քաղէ Եւրոպայէն, ուր ընդհանրապէս ազատութիւն, ժողովդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ այլք շատ աւելի յառաջդիմած են, քան այլուր։
Միշտ ալ օրինակելի եւ նախանցելի եղած է Եւրոպան, յատկապէս քաղաքական բնագաւառէն ներս, իր ողջմտութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Խոցելի կէտեր ու վիճակներ ստեղծուած են եւ պատմութեան սլաքը ետ տանելով՝ կարելի է նշել պարագաներ։
Սակայն, նիւթը այդ պատմութեան ընդմէջէն պատրաստուած թղթածրարը չէ, այլ Մարտ 31-ին իսկ, առանց ժամանակ կորսնցնելու, Եւրոպական Միութեան կարճ ու հպանցիկ յայտարարութիւնն է Արցախի համապետական ընտրութիւններուն առթիւ։
Արդարեւ, ստորագրութեամբ Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ եւ արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան խօսնակ՝ Խոսեփ Պորելի, քանի մը տողով նշուած էր․- «Այսպէս կոչուած Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները ո՛չ մէկ յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն հիմնահարցի եւ անոր շուրջ կատարուելիք խորհրդակցութիւններու առնչութեամբ։․․․Եւրոմիութիւնը համոզուած է, որ Մինսքի խմբակին հետ գործակցելով միայն, կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ լուծումի մը»։
Կարդացեք նաև
Հաւանաբար հասկնալի կրնար ըլլալ, վերոյիշեալ յանձնախումբին կողմէ նշում մը, թէ յանձնարարելի պիտի ըլլար յետաձգել այս համապետական ընտրութիւնները, պսակաձեւ ժահրի ստեղծած համաշխարհային «ցունամի»-ին պատճառով։ Սակայն, այդ հեգնական –յատկապէս երբ ընդգծենք գործածուած «այսպէս կոչուած» (so-called) բառամթերքը – յայտարարութեան մէջ մուտք չէր գործած այդ ժահրը։ Հոս տեղին է նշել, թէ աւելի քան 140 միջազգային դիտորդ եւ շուրջ 40 օտար լրագրող` 38 երկիրներէ, ուզած են ժամանել եւ հետեւիլ ընտրութիւններուն, սակայն ժահրին եւ անոր պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով կարելի չէ եղած այս մէկը իրագործել:
Դեռ աւելի՛ն. Եւրոմիութեան յայտարութիւնը կը հակասէ նոյնինքն Միութեան սկզբունքներուն։ Արդարեւ, արցախցին կատարելով համապետական ընտրութիւնները, իրագործեց ժողովրդավարական ճանապարհով ինքնակազմակերպուելու գաղափարը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում


















































