Նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին գործող մեծամասնութեան առաջնորդը վերահաստատեց ներփակ տարածքներու (անքլաւներու) փոխանակման եւ սահմանազատման տարազներուն տակ հայաստանեան տարածքներ Ազրպէյճանին ըստ էութեան փոխանցելու տրամադրութիւնը: Կրծքանշանի վերածուած հանրապետութեան քարտէսը կամ յանկերգուող տարածութեան թուանշանը յայտնաբար արդէն դուրս մղած է Հայաստանապատկան տարածքներ:
Խաղաղութեան, սահմանազատման կամ անքլաւներու փոխանակման կարգախօսներուն տակ տարածքային նոր զիջումի այս յայտարարութիւնը կը շրջանցէ նաեւ ներխուժուած տարածքները: Անոնք եւս սահմանազատման գործընթացին հետ կը կապուին` աւելի փոքրացնելով հանրապետութեան տարածքը:
Այս յայտարարութիւնները ըստ էութեան հակասահմանադրական են: Մէջբերենք Սահմանադրութեան 2 յօդուած:
Արծուաշէնը վերադարձնելու պատրուակը ներփակ տարածքներու փոխանակման գործողութիւններու «հիմնաւորում» է: Խորհրդային քարտէսները, միեւնոյն միութեան տարբեր հանրապետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցած սահմանները այնքան տարաբնոյթ են եւ այնքան վիճելի, որ նախաստորագրուած տարբերակին յօդուած 1.-ը միեւնոյն անորոշութեամբ կը ճշդէ սահմանները: Աւելի ճիշդը` չի ճշդեր:
Արդէն իսկ շրջանցելով Սահմանադրութեան 205-րդ յօդուածը վարչապետը, խախտած կ՛ըլլայ նաեւ 6-րդ յօդուածը: Եթէ յունիս 7-ին չփոխուի իրավիճակը, Երեւանը կ՛առաջնորդուի նոր զիջումներու, բոլորովին անորոշ ձգած ըլլալով ներխուժուած տարածքներու վերադարձի ճակատագիրը:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:


















































