Այսօր, մեր հայրենիքէն ներս կատարուած նախընտրական պայքարի դաշտը ողողուած է ազգային մեր արժանապատուութիւնը անարգող եւ վիրաւորող անյարիր արտայայտութիւններով եւ կեցուածքներով՝ իր շարքերուն միացնելով ժողովուրդի զանազան խաւերէն հասած «տկար» անհատներ: Արդեօք պայմա՞ն է նման վիրաւորանքներ ու ստորացումներ ձեւակերպել եւ հասցէագրել, որպէսզի անոնք իրենց երազած պարտութիւններն ու ձախողութիւնները տեսնեն եւ վայելեն իրենց վերապահուած «յաջողութիւններ»ը:
Այս օրերուն եւ այս ընտրութիւններով նման խառնիճաղանճ մթնոլորտ մը ո՛չ միայն յուսախաբ կ՛ընէ, այլեւ ամօթալի ապրումներ եւ մտածումներ կը փոխանցէ ազգի արժանապատիւ զաւակներուն, ինչպէս նաեւ կ՛աղաւաղէ մեր ազգային քաղաքակիրթ դիմագիծը օտար դիտորդներու մօտ:
Ըսէ՛ք, խնդրեմ, թէ մենք ե՞րբ այսպէս անհոգ եւ անտարբեր դարձանք մեր ազգային դիմագիծով եւ արժանիքներով… ե՞րբ… եւ ինչո՞ւ: Տարիներ շարունակ մեր ազգը ծանրաբեռնուած էր գլխաւոր մէկ հարցով, մէկ դատով, որ մինչեւ օրս տակաւին կը մնայ անլոյծ եւ «անբոյժ», որովհետեւ ազգովին ջարդուած ապա եւ զրկուած ըլլալը մեր դարաւոր հայրենիքէն եւ մշակութային կոթողներէն ոչ միայն վիրաւորած է մեր սիրտն ու հոգին, այլեւ խաթարած է մեր ազգային գոյապայքարն… եւ այսօր, ո՛չ միայն մեր հին ու ոխերիմ, այլեւ նոր թշնամիներ ագահութեամբ տրամադրուած են մեր հայրենիքի տարածքներուն, մեր գոյութեան եւ մեր մշակոյթի կործանման հանդէպ… Սակայն զարմանալին այն է, որ մեր ներկայ իշխանութիւններու «թշնամական» կեցուածքը մեր երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ, առաւել մեր ազգին անյարիր քծնանքը թշնամիին դիմաց արդէն իսկ խելագարութեան կը հասցնեն մեզ ազգովին, լաւագոյն առիթը տալով մեր հին ու նոր թշնամիներուն, որոնք կը փորձեն մեզմէ տակաւ խլել նոր տարածքներ եւ ազգային, պետական ու խորհրդանշական զանազան «անգին» իրաւունքներ: Մեր «բուռ» մը հայրենիքէն մնացած ոգին եւ սիրտն իսկ խլելու պատրաստ են անոնք, երբ մեր պատրաստակամ «Տէրեր»ն են հոն՝ տիրո՛ղ…:
Վերջապէս, ազգային գետնի վրայ անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը վտանգաւոր են, կ՛ըսեն. արդ, մենք ազգովին այդ «դաշտին» վրայ կը գործենք այս օրերուն… Հայրենիքէն ներս թէ դուրս տարածուած ամօթալի արարքներն ու կեցուածքները եւ զանազան ձեւերով անոնց մասնակից ըլլալը վտանգաւոր են մեր ազգային բարձր արժէքներու ոտնահարման ուղղութեամբ եւ մեր արժեհամակարգը կորուստի ենթարկելու ցաւոտ իրականութեան համար:
Սոնա ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:


















































