Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Դաւիթ Իշխանեան. «Քեսապցիները Արցախի մէջ գիւղատնտեսութիւնը բաւական զարգացուցած են, քան արցախցիները». Perio News

Մայիս 25,2016 13:14

Perio News. Երեքշաբթի, 24 մայիս 2016-ին, կէսօրուան ժամը 8:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ քեսապահայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. Անկախութեան 98-րդ Ամեակի տօնը` Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք հանդիսականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ եւ Հայաստանի բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքը արտասանեց Դալար Թութիկեան:

Պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ պատմական ակնարկ՝ Մայիսեան յաղթանակի տեսանիւթ մը, որմէ ետք Նժդեհ Մելքոնեան մեներգեց հայրենասիրական երգ մը, որուն ստեղնաշարային գոծիքով կ՛ընկերակցէր Հրանդ Պէօճիքեան:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, արցախեան ազատամարտիկ Դաւիթ Իշխանեանը: Ան առաջին հերթին հանգամանօրէն անդրադարձաւ պատմութեան մէջ կարմիր տառերով քանդակուած 28 մայիս 1918-ի փառաւոր յաղթանակը եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մասին:

Ապա յարգելի բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ Արցախեան գոյապայքարը: Ղարաբաղեան հիմնախնդիրուն էութիւնն ու պատմական զարգացումները, հասնելով մինչեւ 1991թ. սեպտեմբեր 2-ին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը, որ ամրագրուեցաւ նոյն թուականի դեկտեմբեր 10-ի համաժողովրդական հանրաքուէով:

Շարունակելով բանախօսը ներկայացուց ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի ընտրութիւնները, կառավարութեան եւ պետական մարմիններու ձեւաւորման հանգրուանները, պատերազմին զուգահեռ պետականաշինութեան գործընթացն ու անոր արձանագրած յաջողութիւնները, ինքնապաշտպանական ֆետայական ջոկատներու հիմքերուն վրայ ձեւաւորուած ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակը:

Ապա բանախօսը անդրադառնալով ընթացիկ տարուան ապրիլ 2-ի Ատրպէյճանին շղթայազերծած պատերազմին Իշխանեան ըսաւ. «Ապրիլեան ռազմական գործողութիւնները Ատրպէյճանի կողմից ուղղուած էին Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու նրա ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի դէմ: Արդէն պարզից էլ պարզ է, որ Ատրպէյճանը իր թիկունքին զգալով արտաքին ուժերի տաք շունչը, փորձեց առիթն օգագործել նախորդ տարիների իր ռազմատենչ յայտարարութիւնները իրականութիւն դարձնելու եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու: Ազրպէյճանի եւ նրան սատարող ուժերի հաշուարկներն այս անգամ էլ սխալ դուրս եկան: Հայ զինուորն ու կամաւորը հերթական անգամ խառնեցին նախօրօք նախանշուած խաղաքարտերը:

«Հայկական կողմը, հերթական անգամ փաստեց, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծումը եւ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իրականացումը Արցախի հանրապետութեան սահմաններում: Իսկ դրան հասնելու համար անհրաժեշտ է»:

Նշենք, թէ բանախօսը քեսապցիներուն կարեւոր ընդգծում մը ըրաւ երբ Արցախի գիւղատնտեսութեան մասին ակնարկեց, ըսելով. «Քեսապցիները Արցախի մէջ գիւղատնտեսութիւնը բաւական զարգացուցած են, քան արցախցիները»:

Արդարեւ, Պեթթի Ղազարեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց:

Ազգային հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Նարեկ Առաքելեան, որ մեներգեց «Ղարաբաղ», «Մայր ծնողին», «Արազի ափին», «Անմար մնայ՛ մեր գլխէն» եւ «Արիւնոտ դրօշ» երգերը:

Պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ «Երբ միասին ենք» տեսանիւթը: Հոն շեշտուեցաւ հետեւեալ գաղափարը ստորեւ տրուած տողերուն մէջ:

«Կը յաղթենք մահուան

Զէնքի ուժով պայքար կը տանինք

Մեզմէ հերոսնէր ծնունդ կ՛առնեն

Անկախութեան տէր կը դառնանք

Մայիս 28 կը կերտենք,

Եռագոյնը բարձր կը պահենք,

Որպէսզի նոր յաղթանակներ արձանագրենք,

Որպէսզի Արարատին հասնինք,

Որպէսզի Ազատ Անկախեւ Միացեալ Հայաստան կերտենք»:

Տեղի ունեցած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 98-րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ հանդիսականներու միաբերան «Սարդարապատ» յաղթերգի երգեցողութեամբ:

Յիշեցնենք, թէ հանդիսականներուն սրահ մուտքի ընթացքին բաշխուեցաւ բացիկներ եւ կուրծքի պեճ օրուան խորհուրդը ներկայացնող:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031