Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները ուշագրաւ են եւ ուղենշային մեկնաբանութիւններու տեղի կու տան:
Այսպէս. «Մենք կը ցանկանք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորում եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրում, քանի որ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է: Անհրաժեշտ է բանալ Զանգեզուրի միջանցքը, որ պէտք է ստեղծուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, ինչպէս նաեւ` իրականացնել այլ փոխադրական նախագիծեր այս երկիրներուն միջեւ: Որովհետեւ ուքրանական պատերազմէն ետք այս միջանցքը ունեցաւ ռազմավարական նշանակութիւն»:
Նախքան յայտարարութեան երկրորդ բաժինը մէջբերելը, նկատենք այստեղ, որ նոր տարր պարփակող մասը` Զանգեզուրով Նախիջեւանն ու Ազրպէյճանը միացնող ճանապարհին ռազմավարական նշանակութեան շեշտումն է, յատկապէս ուքրանական պատերազմէն ետք: Շատ պարզ է տրամաբանութիւնը: Անգարայի առաջադրածը Թուրքիոյ ցամաքային միացումն է Նախիջեւանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ճամբով Ռուսիոյ եւ անկէ ետք` թրքացեղ պետութիւններուն: Ակնարկը Ռուսիան ապամեկուսացնելուն կ՛ուղղուի, այդուհանդերձ քողարկուած ձեւով թուրանական կամուրջի առաջադրանքն է, որ կ՛ընդգծէ Անգարան` բացուելիք ճամբուն ռազմավարական նշանակութիւն ստանալը յիշելով: Ծխածածկոյթ են ուքրանական պատերազմն ու Մոսկուայի հետ իր ցամաքային միացումը: Հետապնդուածը` թուրանական կամուրջն է:
Ոչ շատ առաջ Պաքուէն հնչած էին նման մեղադրանքներ: «Եթէ Հայաստանը սահմաններու որոշման հարցին մէջ կրկին դիմէ իր մարտավարութեան, փորձէ ձգձգել ժամանակը, պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք վրէժխնդրական (ռեւանշիստական) ուժերու գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ»:
Կարդացեք նաև
Իսկ առկախումը խաղաղութեան հակադրուիլ չէ: Ժամանակ շահիլ է աշխարհաքաղաքական-տարածաշրջանային իրադրութիւններու հաւանական փոփոխութիւններուն համընթաց պարտուողական իրավիճակէ աւելի վերականգնողական դիրքեր գրաւելու նախ դիւանագիտական գետնի վրայ եւ ապա տարածքներու առումով: Եւ ըստ այնմ մեկնելու դէպի տարածաշրջանային ապաշրջափակում եւ խաղաղութիւն:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում:


















































