Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ գումարուած Լիբանանի հոգեւոր պետերու գագաթնաժողովէն ետք, կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը՝ ներառելով երկրին բոլոր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչները։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, յիշեալ յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Յանձնախումբը երեք օրերու ընթացքին յաջորդաբար պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան երեք բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ։ Ան նախ այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի, ապա վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, իսկ վերջապէս՝ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի։
Հանդիպումներու ընթացքին յանձնախումբի անդամները ներկայացուցին Լիբանանի հոգեւոր պետերուն կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան հիմնական սկզբունքները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները:
Լիբանանի պետական իշխանութեան երեք պատասխանատուները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հոգեւոր պետերու միացեալ յայտարարութեան՝ ընդգծելով, որ ան կը մարմնաւորէ Լիբանանի ազգային միասնականութեան ոգին եւ կը վերահաստատէ երկրին ներքին խաղաղութիւնն ու ամբողջականութիւնը պահպանելու հրամայականը՝ ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։


















































