ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111 ԱՄԵԱԿԸ
«ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ։ Ա՛ՅՍ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՈՒԽՏԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒՆ» — ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ եւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց ոգեկոչուեցաւ սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 08։00-ին:
Հոծ թիւով հայորդիներու շարքին ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Կարդացեք նաև
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վաչէ Տօնէրեան: Հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն հայերէն լեզուով միացեալ խօսքը արտասանեց Գէորգ Տաղլեան, իսկ արաբերէնը՝ Գրիգոր էքմէքճեան։ Ապա, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը ազգային փունջ մը երգեր հրամցուց հանրութեան։ Աւարտին, Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը ուղղեց պահանջատէր մեր ժողովուրդի համայն զաւակներուն։
«Դա՛րձեալ Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդով ու պատգամով պարուրուած է հայ կեանքը ամէնուրեք» ըսելով՝ սկսաւ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը։ Ան ընդգծեց, որ տարիներու թաւալումը ո՛չ մէկ կերպով կը հեռացնէ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայքարէն:
Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով Կաթողիկոսութիւնը ճշդած էր «Յիշել, Յիշեցնել եւ Պահանջել» նշանաբանը, որ սակայն 100 ամեակի ծրագրումի համազգային մարմինը որդեգրեց «Յիշում եմ եւ Պահանջում» տարբերակը. այնուամենայնիւ, շեշտեց ան, մեր Սուրբ Աթոռը կառչած մնաց իր սկզբունքային տեսակէտին, որովհետեւ «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել»ը ռազմավարական խորունկ իմաստ ունի։
Առաջին հերթին, Հայրապետը վստահեցուց, որ «մենք պիտի շարունակենք ՅԻՇԵ՜Լ, որքան ալ դառն ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները» եւ փոխ առնելով 136-րդ Սաղմոսին բառերը՝ ըսաւ. «եթէ քեզ մոռնամ, ո՜վ Հայոց Ցեղասպանութիւն, թող աջ ձեռքս կտրուի, լեզուս չորնայ, եթէ քեզ չյիշեմ…» եւ այս նկատեց իւրաքանչիւր հայու ուխտը: «ես չեմ հաւատար, որ այս մոլորակին վրայ գտնուի հայ մը, որուն արեան հետ միախառնուած ու գիտակցութեան հետ շաղախուած չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. այլապէս, ուրացում է հայու ինքնութեան», ըսաւ ան:
Երկրորդ կէտով Վեհափառ Հայրապետը կեդրոնացաւ ՅԻՇԵՑՆԵԼ օրակարգին վրայ: Ան շարունակեց խօսքը՝ անդրադառնալով, թէ Ցեղասպանութեան իրագործումը պատմող բազմահարիւր հրատարակութիւններ եւ փաստաթուղթեր գոյութիւն ունին, մինչեւ իսկ Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ: Այս գծով, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ վերջերս Կաթողիկոսարանին հրատարակութեամբ լոյս տեսած են Հայոց Ցեղասպանութեան ներքին ծալքերը պարզող արաբերէն լեզուով երկու աշխատասիրութիւններ, տպագրութեան ընթացքի մէջ է հայերէն ու անգլերէն լեզուներով այլ աշխատասիրութիւն մը, ինչպէս նաեւ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է «Կիլիկիոյ Պարպումին Առնչուած Վաւերագիրներ» աշխատասիրութիւնը: «Մենք պարտաւոր ենք գիտական ուսումնասիրութիւններով եւ ներկայ ճարտարագիտութեան ընծայած ազդու միջոցներով յիշեցնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը բոլորի՛ն, ներառեալ թուրք նոր սերունդին: Մենք պէտք է յիշեցնենք մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս մեր նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք կարենան պատմական, քաղաքական ու իրաւական միջոցներով զինուած, արդարութի՛ւն պահանջել իրենց ժողովուրդին դէմ գործադրուած ահաւոր ոճիրին համար» ընդգծեց ան:
Երրորդ կէտով Նորին Սուրբ Օծութիւնը կեդրոնացաւ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ երթին եւ ընդգծեց, որ քաղաքական ու քարոզչական աշխատանքներուն առընթեր, հրամայական է մուտք գործել իրաւական մարզ: Այս առումով ան յիշեցուց, որ առաջին եւ գործնական քայլը առնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, 2014-ին, թուրք պետութեան դէմ դատ բանալով եւ պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը: «Աւելի քան 10 տարիներէ ի վեր կը հետապնդենք յիշեալ դատը եւ վճռած ենք ամէն գնով հետամուտ ըլլալ անոր յետագայ զարգացումներուն: Այժմ թղթածրարը կը գտնուի Թուրքիոյ դատական գերագոյն ատեանին մօտ, որուն պիտի յաջորդէ սահմանադրական դատարանը, եւ ապա պիտի ուղղուինք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան», յայտնեց Հայրապետը:
Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի պետութեան՝ Անկախութեան Հռչակագիրին յանձնառու ըլլալու հրամայականին եւ ընդգծեց, որ հարկ է Հայաստանի իշխանութիւնը հաւատարիմ մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Համահայկական Հռչակագիրին, ուր ըսուած է, թէ հայ ժողովուրդը կը վերահաստատէ իր «միասնական կամքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումի հարցով…» (6) եւ կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ «ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը» (8): «Յիշեալ հռչակագիրները թուղթի վրայ արձանագրուած սովորական խօսքեր չեն. առաջինը՝ Ազգային Ժողովի բեմէն հայ ժողովուրդին կամքը ներկայացնող, իսկ երկրորդը՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն ոգեղէն ներկայութեան կատարուած համազգային ՈՒԽՏեր են: Արդ, Հայաստանի պետութիւնը հաւատարիմ պէտք է մնայ իր կատարած ուխտին։ Ըլլանք ուխտապահ, ո՛չ՝ ուխտադրուժ», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Իր պատգամի աւարտին, Սրբազնագոյն Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ կը մերժենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական թէ տնտեսական որեւէ յարաբերութիւն, որ ըլլայ ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն իրաւունքներուն: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու հատուցումը՝ Թուրքիոյ կողմէ, Արցախի ժողովուրդի վերադարձը եւ ինքնավարութեան վերահաստատումը միջազգային երաշխիքով, կրօնական ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը՝ Ազրպէյճանի կողմէ, կը մնան մեր հիմնական պահանջը: Արդ, «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» նշանաբանը պէտք է ուղեգիծը դառնայ մեր պահանջատիրական պայքարին՝ բոլո՛ր ժամանակներուն եւ բոլո՛ր պայմաններուն մէջ, մինչեւ մեր ազգի իրաւունքներուն ամբողջական հատուցումը», եզրափակեց ան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը փակուեցաւ Սարդարապատի յաղթերգով։
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ


















































