Հայապահպանութիւն՝ հաւատքի եւ կրթութեան ճանապարհով
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը՝ գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, կը կրէ մեր համայնքի հոգեւոր առաջնորդութեան սրբազան առաքելութիւնը։ Այս ծառայութիւնը, ծնունդ առնելով հաւատքի լոյսէն եւ ամրանալով եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեամբ, սփիւռքի մէջ կը վերաճի նաեւ կրթական եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման շարունակական առաքելութեան, որուն միջոցով սերունդներուն կը փոխանցուի հայու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը։ Այս ներդաշնակ միասնութիւնն է, որ կը կազմէ ամբողջական միջավայր մը, ուր հոգեւորը եւ ազգայինը կը միահիւսուին՝ դառնալով նոյն կոչման տարբեր արտայայտութիւններ։
Անգնահատելի է թեմի առաջնորդ Յովնան սրբազանի հայրական հոգատարութիւնն ու անսակարկ նուիրումը։ Անոր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ ժողովուրդին կը կրէ խոր հաւատքի, պատասխանատուութեան եւ հեռատեսութեան դրոշմը՝ ուղղուած գալիք սերունդներու հոգեւոր եւ ազգային կերտումին։ Անոր տեսլականով է, որ թեմի գործունէութիւնը կը կազմաւորուի որպէս համահունչ եւ կենսունակ համակարգ, ուր հաւատքն ու կրթութիւնը կը փոխլրացնեն զիրար՝ ստեղծելով այն ամուր հիմքը, որուն վրայ կը կառուցուի սփիւռքահայ համայնքի ապագան։
Այս տեսլականի ամենէն կենսունակ արտայայտութիւններէն մէկը Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու կրթական ցանցն է, որը վերջին տարիներուն շարունակաբար կը զարգանայ եւ կը ընդարձակուի՝ հասնելով նոր համայնքներու եւ նոր սերունդներու։ Անոր մայր դպրոցը առաջնորդանիստ «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանն է, որ ամբողջ համակարգի կրթական ու կազմակերպչական առանցքն է։ Այստեղ ձեւաւորուած փորձառութիւնն ու մանկավարժական սկզբունքները կը դառնան միւս դպրոցներու գործունէութեան ուղենիշը՝ ապահովելով միասնական ուղղութիւն եւ արժեհամակարգ։
Կարդացեք նաև
Կրթական ցանցը կը շարունակէ իր բնական աճը՝ ընդարձակուելով թէ՛ գործող հայկական համայնքներուն, եւ թէ այն բնակավայրերուն մէջ, ուր տակաւին հայկական եկեղեցի գոյութիւն չունի։ Այս առումով խորհրդանշական է 2026 թուականի յունուարին իր գործունէութիւնը սկսած Փալմտէլի շաբաթօրեայ դպրոցը, որ հիմնուեցաւ համայնքի պահանջով՝ դառնալով ապագայ եկեղեցական եւ ազգային կեանքի ամուր հիմքը։ Նոր ուսումնական տարեշրջանին ցանցը պիտի համալրուի նաեւ Քոլորատոյի նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող դպրոցով եւ Քալիֆորնիոյ Օքլընտ քաղաքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ հիմնուելիք կրթօճախով։ Այս ընդարձակումը կը վկայէ, որ Արեւմտեան Թեմի կրթական առաքելութիւնը կը հետեւի հայ ընտանիքին՝ անկախ աշխարհագրական պայմաններէն։
Այսօր Արեւմտեան Թեմի կրթական ցանցին մէջ կը սորվին մօտ 1700 աշակերտ, որոնց կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան կը ծառայեն 120-էն աւելի մանկավարժ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ կամաւորներ։ Այս թիւերը պարզ վիճակագրութիւն չեն, այլ կենդանի ապացոյց մը, որ սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը կը շարունակէ մնալ կենսունակ եւ զարգացող իրականութիւն։ Այս բազմամեայ հետեւողական աշխատանքի որակը արժանացած է նաեւ բարձր գնահատանքի։ 2015 թուականին առաջնորդանիստ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր վարժարանը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ճանաչուեցաւ Սփիւռքի լաւագոյն կրթօճախ, իսկ 2024 թուականին Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու կրթական ցանցը ստացաւ Արեւմտեան Քոլէճներու եւ Դպրոցներու Ասոցիացիայի (WASC – Western Association of Schools and Colleges) հաւաստագիր։ Այս բացառիկ ձեռքբերումը, որ առաջին անգամ շնորհուեցաւ միօրեայ հայկական դպրոցներու համակարգի, ոչ միայն միջազգային ճանաչում մըն է կրթական բարձր չափանիշներուն, այլեւ կը բանայ զարգացման նոր հեռանկարներ՝ ամրապնդելով դպրոցներու հեղինակութիւնը, կրթական որակը եւ համակարգի երկարաժամկէտ կայուն զարգացումը։
Այս կրթօճախներուն հիմնական առաքելութիւնն է պետական եւ ամերիկեան մասնաւոր դպրոցներ յաճախող հայ մանուկներուն փոխանցել մայրենի լեզուն, ազգային պատմութիւնը, հայկական մշակոյթը, եկեղեցւոյ աւանդութիւնը եւ քրիստոնէական արժէքները։ Ուսուցումը այստեղ չի սահմանափակուիր միայն գիտելիքի փոխանցմամբ, այլ կը վերածուի ինքնութեան կերտման շարունակական ընթացքի, ուր հայ երեխան կը սորվի ոչ միայն հայերէն կարդալ եւ գրել, այլեւ գիտակցիլ իր ազգային արմատներուն, պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր պատկանելիութեան։ Դասերը կը սկսին աղօթքով եւ հոգեւոր պատգամով, ապա աշակերտները կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը ժամանակակից դասագիրքերով։ եւ թուային միջոցներով։ Լեզուի ուսուցման կողքին կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայոց պատմութիւնը, եկեղեցւոյ պատմութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը եւ հայագիտութեան այլ բնագաւառներ, որոնք դպրոցը կը վերածեն ազգային ինքնագիտակցութեան բնական միջավայրի։
Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու զարգացման մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ ուսուցիչներու ամենամեայ համահայկական համաժողովը, որ տարիներ շարունակ համախմբող նշանակութիւն ունի։ Անոր կը մասնակցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր թեմերէն մանկավարժներ, կրթական գործիչներ, գիտնականներ եւ դասախօսներ, որոնք իրենց փորձառութեամբ կը նպաստեն հայեցի կրթութեան զարգացման եւ ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումներու կատարելագործման։ Այս հանդիպումները կը վերածուին մասնագիտական համագործակցութեան եզակի հարթակի, ուր կը ձեւաւորուին նոր գաղափարներ եւ կը վերահաստատուի մայրենի լեզուի ու ազգային կրթութեան անփոխարինելի դերը սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։
Պէտք է խոստովանիլ, որ Շաբաթօրեայ դպրոցներու գործունէութիւնը վաղուց դուրս եկած է միայն համայնքային կեանքի սահմաններէն։ Անոնց առօրեան, կրթական նախաձեռնութիւնները, մշակութային եւ հոգեւոր ձեռնարկները պարբերաբար կը լուսաբանուին հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայկական մամուլին մէ։ Այս հրապարակումները ոչ միայն կ՛արձանագրեն կատարուած աշխատանքը, այլեւ կը վկայեն, որ Արեւմտեան Թեմի կրթական առաքելութիւնն այսօր ունի համահայկական հնչեղութիւն եւ կը դիտուի որպէս սփիւռքահայ ինքնութեան պահպանման արդիւնաւէտ օրինակ։
Հստակ է, որ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի գործունէութիւնը վաղուց անցած է առանձին նախաձեռնութիւններու սահմաններէն՝ վերածուելով ամբողջական ազգային-եկեղեցական առաքելութեան։ Անոր մէջ հոգեւոր առաջնորդութիւնը, կրթութիւնը եւ հայապահպանութիւնը կը կազմեն անբաժանելի ամբողջութիւն մը, որուն նպատակը միայն անցեալը պահպանելը չէ, այլ հայու հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը նոր սերունդներուն մէջ շարունակաբար կենսաւորելն ու ամրապնդելը։
Եւ թերեւս հոս է, որ կը բացայայտուի գլխաւոր ճշմարտութիւնը․ հայապահպանութիւնը սփիւռքի մէջ գաղափար մը չէ միայն, այլ գոյութեան ձեւ։ Ան կ՛ապրի լեզուին մէջ, կը հնչէ աղօթքին մէջ, կը դրսեւորուի մշակոյթի միջոցաւ եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ՝ որպէս անտեսանելի, բայց անխախտ ժառանգութիւն։ Երբ այս բոլորը կը միահիւսուին հաւատքի լոյսին հետ, ան կը վերածուի ուժի, որ չի մարի։ Եւ քանի դեռ այդ լոյսը կը վառուի անգամ օտար ափերուն վրայ, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ կանգուն մնալ՝ խոր արմատներով, ամուր հոգիով եւ ապագայի հանդէպ հաստատուն վստահութեամբ։
Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեան՝
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ


















































