Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդն ու ԿեդրոնականՎարչութիւնը (Կուսակցութեան միակ եւ իրաւասու մարմինները), կ՚ողջունեն Հայաստանի ժողովրդական շարժումի, մասնաւորաբար երիտասարդութեան յաղթանակը` Հայաստանը օժտելու ժողովուրդի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի կանխատեսելի յաղթանակին կապակցութեամբ։
Այս առիթով, կ՚ուզենք Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին եւ բոլոր պետական, եկեղեցական եւ հանրային հաստատութիւններուն յայտնել, որ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական Վարչութիւն» անունով հրապարակ իջած ապօրինի խմբակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնները ոչ մէկ կապ ունին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան կառոյցներուն եւ անդամակցութեան հետ։
Արդարեւ, Հայաստանի ժողովուրդին եւ առողջ երիտասարդութեան միահամուռ ձայնը մեր ժող խմբակ մը իրաւունքը չունի վատաբանելու եւ երջանիկ ապագայ խոստացող ժողովրդական շարժումը անարգելու։
Նոյնպէս, ապաշնորհ բնորոշում մըն է Հայրենի ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան արդարացի ցոյցերը բնութագրել իբրեւ «փողոց փոխադրելու արկածախնդրութիւն» որ «կրնայ աննախատեսելի ու անհակակշռելի հետեւանքներ ունենալ» եւ «ժամանակը յղի է աննախատեսելի վտանգներով»։ Այս բացայայտ սպառնալիքները ցոյց կուտան այս անպատասխանատու տարրերուն հասունութեան պակասն ու հայաստանեան հարցերը ընկալելու եւ լուծումներ առաջարկելու անկարողութիւնը։
Ապօրինի այս խմբակը, որ Հայրենի ժողովուրդին պոռթկումը տեսնելէն ետք կոչ կ՚ընէ հարցերը «պետական հաստատութիւններու հովանիին ներքոյ հետապնդելու», այսինքն Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան ենթարկուելով Հայաստանի ներկայ ճգնաժամը լուծելու տարբերակին, իրաւունքը չունի ոչ մէկ անունով հրապարակ իջնելու որպէս հայ ժողովուրդին մէկ հատուածի ներկայացուցիչ։
Շատ յստակ է, որ ՌԱԿ ապօրինի «Կեդրոնական Վարչութիւն» խաղացողները սարսափած են իրենց հովանաւորներուն պարտութիւնը տեսնելով, քանի որ այդ պիտի նշանակէր իրենց սնանկութեան բացայայտումն ու գաղափարական եւ հոգեմտաւոր ամօթալի մերկութիւնը։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդն ու Կեդրոնական Վարչութիւնը կրկին անգամ կուգան իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելու Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր նշանակած վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանին։
Յաւերժ փառք հայ ժողովուրդին եւ մեր անմահ Հայաստանին։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Գերագոյն Խորհուրդ Կեդրոնական Վարչութիւն
Վարդան Նազիրեան Յակոբ Աւետիքեան
Ատենապետ Ատենապետ


















































