Թուրքիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակցութիւններու հայկական օրակարգը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ թրքական օրակարգը:
Ինչե՜ր ըսուած են եւ կ’ըսուին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ դելիմիտացիա-դեմարկացիա գլխուն տակ: Բայց դեռ ոչ ոք ըսաւ, թէ ո՞ր թուականէն կը սկսի իրաւունքներու ճշդումը: Իրաւունք կը ճշդուի ո՞ր չափանիշներու (նորմերու) հիման վրայ: Պէտք է խօսիլ բնիկի իրաւունքի եւ եկուորի բռնութեամբ ձեռք բերած (չ)իրաւունքի մասին: Ինչպէ՞ս կը սահմանուի տարածքի մը տիրութեան հարցը: Ժամանակ եւ պատմութիւն իրաւունք սահմանելու եւ ճշդելու բանակցութիւններուն մէջ ինչպէ՞ս նկատի կ’առնուին: Հայկական աշխարհի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատմութիւնները ե՞րբ սկսած են, ինչպէ՞ս կը սահմանուի տարածքներու տիրութեան հարցը, որպէսզի արդար իրաւունք ճշդուի:
Հայեւթուրք բանակցութիւններու ընթացքին անխուսափելիօրէն ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ օրակարգ ալ չըլլայ, պիտի գտնուի միտքերու մէջ, տողերու արանքին: Այդ յիշողութիւնը նախ ՀԱՅԱՍՏԱՆն է, ո՛չ միայն ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆը: Հայոց հայրենիքի պատմական իրողութիւնը եւ իրաւունքը նկատի պիտի առնուի՞ն դելիմիտացիա-դեմարկացիա ուժի քաղաքական թատրոնին մէջ, թէ՞ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, յանուն հայ ժողովուրդին, պիտի ընդունի ջաղացքի քար դնել պատմութեան, բարոյականի, ոճիրի եւ իրաւունքի վրայ:
Այդ իրաւունքը Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնա՞յ կամայականօրէն ինքնիրեն շնորհել:
Կարդացեք նաև
Միամիտ չենք: Այսօր հայեւթուրք բանակցութիւնները կը նմանին, առակի ըսածին պէս, երկաթ կուժի եւ կաւէ կուժի նոյն սակառին մէջ ճամբորդութեան: Ճիշդ է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատերազմի մէջ պարտուած է, բայց դեռ ունի համակրանքներու բարոյական նեցուկ, որուն գլխաւոր ներշնչող ուժը հայրենահանուած հայերու սփիւռքն է, որ կը պահէ իր խլուած ազգային ժառանգութեան հիմնական արժէքները, զորս աճուրդով վաճառելու համար ո՛չ ոքի լիազօրութիւն տուած է: Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Թուրքիա բանակցութիւնները կրնա՞ն պատճառ դառնալ ներազգային նոր պառակտումներու եւ խզումներու, ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔի անտեսումը եւ անկէ հրաժարումը եթէ օրակարգ չըլլան:
Զարմանալի կերպով նոյնինքն հայրենահանուածներու սփիւռքը լուռ կը մնայ, կարծէք որդեգրած է սպասողական դիրք: Յաճախ կը խօսուէր անցեալին, կը խօսուի նաեւ այսօր, հայրենի իշխանութիւններու գործը չխոչնդոտելու մասին: Յստակացում պահանջել եւ ազգային իրաւունքը յիշեցնել եւ անոր տէր կանգնելու պահանջով հրապարակ գալ հայրենի իշխանութիւններու գո՞րծը կը խոչնդոտեն, թէ՞ կ’իմաստաւորեն:
Եթէ Հայաստան եւ այս պարագային մանաւանդ Սփիւռքը, յստակացում չպահանջեն, չուզեն նախօրօք գիտնալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայեւթուրք բանակցութիւններու ալֆան եւ օմեկան, ազգը յանկարծ կրնայ գտնուիլ պարտադրուած կամ ընդունուած հրաժարումներու կատարուած իրողութեան առջեւ, համոզելով եւ համոզուելով, որ համագումար զիջումները խաղաղութեան, բարօրութեան եւ բարգաւաճման հնարաւորութիւններ կ’ընծայեն Հայաստանի Հանրապետութեան:
Յ. Պալեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում


















































