Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի նախագահը

Հունիս 24,2026 21:25 Share

Այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Նիկոսիոյ նախագահական պալատին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Քրիստոտուլիտէսը։

Պարգեւատրման հանդիսութեան Լիբանանէն ներկայ էին մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Կաթողիկոսութեանս Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան. իսկ Կիպրոսէն՝ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, Երերսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան, Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան եւ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մոմիկ Աւ. Քհն. Հապէշեան։

Խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ ըսաւ, որ պատերազմներով ու առճակատումներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մէջ մասնաւորաբար, Կիպրոսի մօտեցումը միշտ եղած է հաւասարակշռուած եւ հակառակ կողմերու միջեւ կամուրջ հաստատող դերակատարութիւն։ Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը յիշեց Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն գծով Կիպրոսի ցուցաբերած խաղաղարար մօտեցումը։ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ երկար դարերէ ի վեր հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան՝ հիմնուած հասարակաց արժէքներու եւ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց գծով յանձառու պայքարին վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով յիշեց Կիպրոսի հայ համայնքին նկատմամբ նախագահին, կառավարութեան եւ ընդհանրապէս կիպրացի ժողովուրդին եղբայրական ու օգտաշատ մօտեցումը։ Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս, իբրեւ սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն, նախագահը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։

Խօսք առնելով նախագահ Քրիստոտուլիտէս՝ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ իրեն շնորհած այս մեծ պատիւին համար։ Ան ըսաւ, թէ նոյնիսկ իր երիտասարդական տարիներէն սկսեալ, պետութեան մէջ ստանձնած զանազան պաշտօններու ճամբով, յատուկ սէր ու հոգածութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

Նախագահը յիշեց պատմական յարաբերութիւնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան եւ Կիպրոսի միջեւ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի նկատմամբ իր ունեցած յատուկ սիրոյն եւ իր կողմէ կատարուող աշխատանքներուն՝ Լիբանանէն եւ տարածաշրջանէն ներս կատարուած փոխադարձ հասկացողութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։

Հանդիսութենէն անմիջապէս ետք, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ սարքեց նախագահական պալատին մէջ։ Ներկայ էին Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները, Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ կիպրական պետութեան ներկայացուցիչները։

Ճաշկերոյթի ընթացքին աւելի մտերմիկ զրոյց ծաւալեցաւ նախագահին հետ՝ Միջին Արեւելքի, Լիբանանի ու Հայաստանի առնչուած հարցերու շուրջ։

Աւարտին, նախագահը Նորին Սուրբ Օծութեան խորհրդանշական յատուկ նուէր մը յանձնեց՝ անձնապէս իր եւ Կիպրոսի պետութեան անունով։

Միօրեայ այցելութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930