Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առիթով, համանուն Վանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեւոր խորհրդածութիւն, անդաստանի արարողութիւն եւ աղօրհնէք, Ուրբաթ 14 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին։
Օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան։
Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ կատարուած արարողութեանց նախագահեց վանահայր Գերապատիւ Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեան։
Ապա, ուխտաւորները աջահամբոյրով ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Կարդացեք նաև
Նշենք, որ անցնող շաբթուան ընթացքին, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, գլխաւորութեամբ Բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանի, մատուցուեցան երեկոյեան ամէնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներ, երգեցողութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի դպրաց դասերուն, մասնակցութեամբ Դպրեվանքի աշակերտներուն եւ ներկայութեամբ միաբան ու քահանայ հայրերուն, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր ուխտաւորներու։


















































