Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Աւարտականի իրենց վկայականները ստացան Մերոպեանի 52 աշակերտներ եւ ուսանողներ

Մայիս 12,2016 20:50

10 Մայիս 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին այս տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը, այս առիթին համապատասխանող եւ Մեսրոպեանի համար աւանդական դարձած խանդավառ եւ ոգեւորող հանդիսութեան մը ընթացքին:

Աւարտական հանդէսին համար Մեսրոպեանի շրջափակ փութացած էին աւելի քան 1200 հրաւիրեալներ: Հանդէսը կայացաւ նախագահութեամբ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին. ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան հիւպատոս պարոն Աշոտ Վարդանեան եւ դեսպանատան աշխատակիցներ, պետական պաշտօնատարներ, հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, միաբան քոյրեր, դպրոցներու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ ու բարեկամներ:

Շրջանաւարտներու բեմ հանդիսաւոր մուտքէն անմիջապէս ետք, եւ յետ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեան, խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ:

Նշելէ ետք, որ Մեսրոպեանը քանի մը տարիէն թեւակոխած պիտի ըլլայ  հիմնադրութեան 80-րդ տարին,  պարոն Գալուստ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ անցած տասնամեակներուն Մեսրոպեանը կրցաւ կայանալ որպէս ամենավաստակաւոր սերմնացաններէն մէկը լիբանանահայ կրթական դաշտին: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, ան ըսաւ. «Այս օրը ձեր ուսումնական կեանքին մէջ վերջակէտ չէ, աւարտ չէ, այլ` սկիզբը նոր հանգրուանի մը: Մեկնելով լոյսի աղբիւրէն, դուք հետամուտ պիտի ըլլաք աւելի յորդառատ լոյսի, գօտեպնդուած Մեսրոպեան վարժարանի դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ»:

Պարոն տնօրէնը մեծապէս գնահատեց ինչպէս վարժարանի ուսուցիչներուն, նոյնպէս եւ աշակերտներու ծնողներուն ջանքերը ի խնդիր աւարտական սերունդի կրթութեան, աշխատանք մը, որ չէր կրնար յաջողիլ առանց զոհողութեան ոգիին եւ համբերատարութեան:

Պարոն Գալուստ եզրափակեց. «Մենք չենք բաւարարուած մինչ այսօր արձանագրած մեր յաջողութիւններով: Կը խոստանանք շարունակել զարգացման ուղին` քայլ պահելով արդիական միջոցներուն, կրթական նոր մեթոտներուն, կառուցային փոփոխութիւններուն եւ բոլոր տեսակի նորարարութիւններուն հետ»:

Շրջանաւատներուն անունով խօսքեր արտասանեցին Սթեֆանի Սերայտարեան, Բիւրեղ Չերչեան, Կասիա Խուրի եւ Գարլա Կիւրիւնեան՝ յաջորդաբար հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն: Անոնք բոլորն ալ արտայայտեցին իրենց երախտագիտական ապրումները, ուղղուած դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, շեշտելով Մեսրոպեանի ոգիին հաւատարիմ մնալու յանձնառութիւնը:

Ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ պարոն Պերճ Բարմաքսըզեան, որ կոչ ուղղեց աւարտականներուն շարունակելու իրենց երթը ուսման ճամբով, դառնալու համար յաջողակ եւ երջանիկ մարդիկ, պիտանի դառնալու համար նաեւ հանրութեան:

Հանդէսի գեղարուեստական մասով, Բալիկ Սարաֆեան եւ Շնորհք Չերչեան նուագեցին  յաջորդաբար դաշնամուրով եւ ջութակով, Անժելա Քէշիշեան ասմունքեց արաբերէն, իսկ շրջանաւարտները կատարեցին խմբային երկու երգեր եւ երկու պարեր: Ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որ ներկայացուց շրջանաւարտներու վերջին տարուան գործունէութիւնն ու կրթական-ընկերային կեանքը՝ Մեսրոպեանի մէջ, իսկ Մեսրոպեան Վահանի փոխանցումը՝ յաջորդ տարուան շրջանաւարտներուն, խորհրդանշեց կրթութեան առաքելութեան շարունակութիւնը Մեսրոպեանի մէջ:

mesropyan varjaran haykakan par-mesropyan varjaran

Եզրափակիչ խօսքին մէջ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան օրհնեց շրջանաւարտներու ճամբան՝ դէպի լոյսի աւելի բարձր աղբիւրներ եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ քրիստոնեայ մարդու եւ հայու հաւատամքին, տեսլականին եւ արժէքներուն:

2015-2016 տարեշրջանի աւարտականի իրենց վկայականները ստացան Մերոպեանի 52 աշակերտներ եւ ուսանողներ. 22 շրջանաւարտ բարձարագոյն վարժարանէն՝ երեք տարբեր բաժիններով եւ 30 ուսանող Արուեստից վարժարանէն (BP3–TS2)՝ երեք տարբեր մասնագիտութիւններով:

Հանդէսը աւարտեցաւ աւանդական հրավառութեամբ, որուն յաջորդեցին շնորաւորանքները՝ աւարտականներուն  եւ անոնց ծնողներուն:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031