Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայ ժողովուրդի դարաւոր սրբութիւնները ոտնակոխ ընելու անամօթ, հիւանդագին եւ կոպիտ գործելակերպն է որ կը տիրէ. «Ազգ»

Մայիս 08,2026 10:54 Share

Յօդուածին նպատակն է բնորոշել գիտակից որեւէ հայու՝ նորընտրելի իշխանութիւններուն ուղղռւած անսակարկելի միւս պահանջները, որպէսզի Յունիսի 7-ին քուէատուփին մօտեցող քաղաքացին արդարօրէն որոշէ իր քուէին արժանի խմբաւորումը:

Պահանջ 1: – Այո, խաղաղութիւն պէտք է տիրէ Հայաստանի տարածքին վրայ:

Առաջնահերթ է այս պահանջը որեւէ երկրի, մանաւանդ Հայաստանի համար: Կարեւոր է սակայն մատնանշել, թէ ներկայ եւ շուտով շրջանաւարտ իշխանութիւններուն հիմնական սխալը այն է, որ անոնք կ ուզեն համոզել թէ պէտք է այս պահանջը լրացնել մեկնելով բազմադարեան մեր թշնամիներուն նկատմամբ ամբողջական զինաթափութեան դիրքերէն, այսինքն «ի գին ամէն զիջողութեան»: Բացայայտօրէն անտրամաբանական եւ ազգաքանդ է այս՝ «մաֆիայի զոհի» դասական օրինակը հանդիսացող կեցուածքը, ուր այս վերջինը ի վերջոյ ամբողջովին անձնատուր եւ անզօր գերին կը դառնայ զինք յօշոտող անյագ մաֆիապետին: Այդպէս ալ է այսօր, անյագօրէն պահանջող Ատրպէյճանին եւ յաւերժօրէն տեղի տուող Հայաստանին փոխյարաբերութիւններուն անընդունելի վիճակը…:

Ակնյայտ իրականութիւնը այն է, թէ Հայաստանի առտու-գիշեր «Խաղաղութեան համաձայնագիր» ստորագրելու ջանքերուն հակառակ, Ատրպէյճանը ոչ իսկ դոյզն դրական պատասխան տուած է մինչեւ այսօր:

Ընդհակառակն, ան իր տարբեր խօսափողերով չի դադրիր համարձակիլ Սեւանը եւ Երեւանը Արեւմտեան Ատրպէյճան որակելէ: Իսկ անցեալ Օգոստոս 8-ի՝ առանց որեւէ երաշխիքի Թրամփի միջնորդութեամբ այլեւս հանրածանօթ՝ ուաշինկթընեան թատերական ներկայացման համազօր «Համաձայագիրը» կը մշարունակէ մնալ ճիշդ այդ մակարդակին վրայ:

Նորընտրուող իշխանութիւններէն կը պահանջուի հետապնդել եւ իրականացնել իսկական արդար եւ արժանապատիւ, երաշխիքներով եւ ինքնապաշտպանութեամբ ապահովուած, Հայաստանը տեւական խաղաղութեամբ օժտելու լուրջ աշխատանքը:

Պահանջ 2: Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ պէտք է հաստատուի միջազգային մակարդակով մարդու խօսքի եւ իրաւունքներու ազատութեան եւ ռամկավարական սկզբունքներու բծախնդիր գործադրութեան անվիճելի դրութիւնը:

Ութ տարիներ առաջ, երբ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուան տակ ձեւակերպուեցան այսօրուան իշխանութիւնները, անոնք ժամանակի մը համար վայելեցին համաժողովրդային համակրանք, որովհետեւ Հայաստանի ժողովուրդին կը խոստանային ճիշդ այդ սկզբունքները բծախնդրօրէն գործադրել: Այսօր, ութ տարիներ ետք, կացութիւնը ոչ թէ վերադարձած է նախորդ շրջանին տեղի ունեցող կարգ մը այլանդակութեանց, այլ նաեւ աւելին՝ հիմա Հայ ժողովուրդի դարաւոր սրբութիւնները ոտնակոխ ընելու անամօթ, հիւանդագին եւ կոպիտ գործելակերպն է որ կը տիրէ:

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» շաբաթաթերթում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր    
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031