«Յեղափոխութեան» սուտ շղարշին տակ իրականացուած իշխանափոխութիւնը ծնունդ տուաւ մեծ ակնկալութիւններու` թափանցիկութեան, բարեկարգման եւ կառավարման արդիականացման: Թէեւ այս ձգտումները լայն ժողովրդականութիւն վայելեցին օրին, սակայն իշխանութեան որդեգրած մօտեցումները առաջին իսկ օրերէն ստեղծեցին խորքային գաղափարական ընդհանրացումներու խզում: Նախկին համակարգերուն շրջանցումի փորձին մէջ, իշխանութիւնը սկսաւ ձեւակերպել հայ ինքնութեան եւ պետականութեան ձեւակերպում մը, որ կը հակադրուէր երկար տարիներու ազգային պատմագրութեան ու ժողովրդական հասկացողութեան եւ մտածումին: Այս փոփոխութիւնը կը փորձէր` նուազեցնել պատմական շարունակականութեան արժէքը, թերագնահատել Հայաստանը կլանած աշխարհաքաղաքական բարդ իրականութիւնները եւ ներմուծել ազգային պետականութեան նոր ձեւակերպում մը, որ հեռու էր այն պատմական փորձառութիւններէն, որոնք ձեւաւորած էին հայ քաղաքական մտածողութիւնը:
Բարեկարգումը` իր սկզբունքով, հակասութիւն չունի ազգային հասկացողութիւններու եւ սկզբունքներու շարունակականութեան պահպանման հետ: Բայց բարեկարգում մը, որ կը մերժէ ժառանգուած հիմքերն ու հասկացողութիւնները` առանց զանոնք փոխարինելու բովանդակալի եւ կշիռ ունեցող այլընտրանքներով, կ՛առաջնորդէ հաստատութենական եւ գաղափարական անորոշութեան: Քաղաքագիտական տեսութեանց մէջ այս երեւոյթները կը բնորոշուին որպէս «քաղաքական քայքայում» (political decay), երբ հաստատութիւնները աւելի արագ կը կորսնցնեն իրենց ուղղութիւնը, մինչ կարելի է ստեղծել օրինականութեան (legitimacy) նոր աղբիւրներ: Հայաստանը 2020ի պատերազմէն առաջ ու հետագայ տարիներուն ցոյց տուաւ այս երեւոյթին բնորոշ բազմաթիւ ներքին նշաններ. երկարամեայ ռազմավարական ուղղութիւններ յանկարծակի կերպով մերժուեցան` առանց յստակ փոխարինումի, հանրային ակնկալութիւնները ձեւափոխուեցան` առանց ծրագրային տեսլականի, իսկ ազգային քաղաքականութիւնը ամբողջութեամբ սկսաւ վերափոխուիլ` առանց երկարաժամկէտ, համակարգուած ուղղութեան մը: Այս բոլորը առաջնորդեցին աղէտաբեր սխալներու, որոնց գագաթնակէտը եղաւ 2020ի արհաւիրքը եւ Արցախի քաղաքական ու վարչական գոյութեան ամբողջական կործանումը:
Այս տկարացման հետեւանքները չսահմանափակուեցան սակայն միայն Հայաստանով: Սփիւռքը, որ երկար տարիներ իր ինքնութիւնը կազմաւորած էր հայկական պետականութեան ամրապնդման նպաստելու շուրջ, այժմ կը գտնուի անորոշութեան մէջ` փորձելով սահմանել իր դերը, երբ Երեւանէն այլեւս չի բխիր համադրուած եւ յստակ ազգային տեսլական: Այս իրավիճակը բնականաբար պատճառ կը հանդիսանայ շփոթի, տատանումի եւ որոշ համայնքներու մէջ` նաեւ նահանջի եւ գործակցութեան դադրեցումի: Ամէնէն խորքային վտանգը նիւթեղէն անկումը չէ, այլ` նպատակի մաշումն ու կորուստը: Առանց յստակ ձեւակերպուած առաքելութեան մը` սփիւռքեան հաստատութիւնները ի վիճակի չեն պահպանելու այն բարձր ներգրաւուածութիւնը, որ պահանջուած է ազգային պահանջատիրութեան, մշակութային պահպանման եւ նպատակասլաց քաղաքականացման համար:
Այս պահը, սակայն, նաեւ առիթ մը կը ներկայացնէ: Ան կը պարտադրէ, որ Սփիւռքը առաւել յստակութեամբ ձեւակերպէ իր պատասխանատուութիւնները` հիմնուելով ոչ թէ նախորդ տասնամեակներէն ժառանգուած ուղղութիւններուն, այլ` ներկայ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններուն վրայ: Այս առումով, Դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը կը պահպանէ իր առանձնայատուկ արդիականութիւնը: Դաշնակցական միտքը ձեւաւորուած էր ճիշդ այն ժամանակներու համար, երբ ազգը կը դիմագրաւէր մասնատում, տեղաշարժ եւ անորոշութիւն: Անոր շեշտադրումները` ազգային ինքնիշխանութեան, քաղաքացիական պատասխանատուութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան, կը տրամադրեն համակողմանի գաղափարական ու կազմակերպական շրջանակ մը` իբրեւ ուղեցոյց մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման: Դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը միայն պատմական աւանդ մը չէ, այլ` սկզբունքներու ամբողջութիւն մը, որ կրնայ ուղղութիւն տալ թէ՛ քաղաքական մտածումի, թէ՛ հաստատութենական զարգացման ժամանակակից կարիքներուն:
Կարդացեք նաև
Նորոգուած ազգային տեսլական մը պէտք է հիմնուի երկու փոխլրացուցիչ սկզբունքներու վրայ` իրատեսութիւն եւ իտէալ: Իրատեսութիւնը կը պահանջէ` ճշգրիտ գնահատում Հայաստանի անվտանգային միջավայրին, տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան, հայրենիքի ընկերատնտեսական զարգացման ներուժին, Սփիւռքի իմաստալից դերակատարութեան, ներկայ իշխանութեան աշխարհայեցողութեան լուրջ սահմանափակումներուն ու մանաւանդ անոնց գնայուն ըլլալու հանգամանքին: Ան կը պարտադրէ գիտակցիլ այն սպառնալիքներուն, որոնց դիմաց այսօր կը կանգնի Հայաստանը, այն կառուցուածքային թուլութիւնները, որոնք պէտք է հետեւողական կերպով ուղղուին, ինչպէս նաեւ` այն հաստատութիւններու անհրաժեշտութիւնը (բանակէն անկախ), որոնք ունակ են պաշտպանելու պետականութեան յարատեւութիւնը: Իտէալը` հասկցուած ոչ թէ իբրեւ միամտութիւն, այլ` իբրեւ սկզբունքային ձգտում, կը պահանջէ նուիրում մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդում եւ երկարաշունչ ազգային տեսլականի շարունակութիւն, որ կը գերազանցէ առօրեայ քաղաքական շրջափուլերը: Այս երկու սկզբունքները հակադրական չեն: Ճիշդ համադրուած` անոնք կը դառնան ռազմավարական ծրագրաւորման եւ ազգային խաղաղ ու զարգացող գոյակցութեան ամուր եւ մնայուն հիմք:
Սփիւռքի համար այս սկզբունքները գործնական դարձնելը կը պահանջէ` հաստատութիւններու վերազինում, քաղաքական ու դիւանագիտական կարողականութեան խորացում, շարունակական ղեկավարութեան պատրաստութիւն եւ համակարգուած քարոզչական ռազմավարութիւններու մշակում: Ան կը պահանջէ ընկալել Հայաստանը ոչ թէ միայն իբրեւ յուզական խորհրդանիշ, այլ` իբրեւ բարդ քաղաքական իրականութիւն, որուն երկարատեւ կենսունակութիւնը կը պայմանաւորուի մասնագիտական կարողութեամբ, ներդրումով եւ կազմակերպուած գործակցութեամբ: Ան նաեւ կը պարտադրէ յստակ եւ հետեւողական ձեւով հաստատել, որ Սփիւռքի դերը այս կամ այն իշխանութեան ծառայել չէ, այլ` պաշտպանել հայ ժողովուրդի մշտնջենաւոր եւ կենսական շահերը:
Ազգ մը, որ գիտակից է իր գերագոյն նպատակին, կրնայ ելք գտնել ամենաբարդ պայմաններէն: Իսկ ազգ մը, որ կը կորսնցնէ այդ նպատակը, վտանգի տակ կը դնէ իր համախումբ կամքի տոկունութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՊԷԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:


















































