Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի մէջ անընդհատ կը խօսուի «ազգային արժեհամակարգի», «ազգային արժէքներու» մասին, բայց ես գրեթէ չեմ լսած որո՞նք են այդ արժէքները. Հրաչ Չիլինկիրեան. «Նոր Յառաջ»

Ապրիլ 13,2026 11:16 Share

Հարցազրոյց ընկերաբան, սփիւռքագէտ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ

«Նոր Յառաջ» 11 Ապրիլ 2026Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան հասարակաբան, սփիւռքագէտ եւ համալսարանի դասախօս է։ 12 տարի պաշտօնավարած է Օքսֆորտի համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնագիտական ամպիոնին մէջ, մինչ այդ՝ 10 տարի Քեմպրիճի համալսարանին մէջ։ 2021 թուականէն ի վեր Փարիզի INALCO համալսարանի հայկական ամպիոնին մէջ դասախօս է։ 2019–2022 թուականներուն ղեկավարած է Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» մեծածաւալ ուսումնասիրական ծրագիրը։ 2024-էն ի վեր Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի «Հաստատութենական նորարարութիւն» նախաձեռնութեան վարիչն է: Հրատարակած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ, ինչպէս նաեւ հեղինակն է շարք մը մենագրութիւններու: Հարցազրոյցը կը պարզաբանէ Հաստատութենական նորարարութեան ծրագիրը:

«Նոր Յառաջ».- Ի՞նչ է եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ 21-րդ դարուն:

Հրաչ Չիլինկիրեան.- Ընդհանրապէս մեր ազգային խօսոյթին մէջ անընդհատ կը կրկնենք, որ եկեղեցին շատ կարեւոր դեր ունի ազգ. կեանքին մէջ, ինքնութիւն, լեզու եւ մշակոյթ պահած է: Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք 19-րդ դարուն Պոլսոյ, մասնաւորաբար Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքի մտածողութեան՝ իր հեղինակած «Հայ Ազգութիւն» հրատարակութեան մէջ հայկական ինքնութեան համար ամէնէն կարեւորներն են եկեղեցին, լեզուն-մշակոյթը, եւ դաստիարակութիւն: Այս երեք սիւներն էին, որոնք ձեւով մը կը բնորոշէին ազգային կեանքը: Չմոռնանք որ ընդհանուր շրջագիծը Միլլէթ համակարգն էր, թէ մենք կրօնքի միջոցաւ սահմանուած ազգութիւն մըն էինք Օսմանեան կայսրութեան մէջ ինչպէս միւս փոքրամասնութիւնները: Հիմա եթէ տեղափոխուինք 21-րդ դար, կը տեսնենք որ հսկայական փոխակերպումներ տեղի ունեցած են ոչ միայն քաղաքական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ, այլ նաեւ մեր ազգային կեանքին մէջ: Կը տեսնենք որ այսօր, ըստ մեր վերջին տարիներու ուսումնասիրութեան,  հայկական ինքնութիւնը կը սահմանուի հիմնական երեք գործօններով, որոնց մէջ եկեղեցին չկայ. ընտանիքը, լեզուն եւ մշակոյթը: Եկեղեցին այսօրուան Սփիւռքի մէջ ապրող հայուն համար առաջնահերթ դիրքը չունի: Կը կարծեմ որ սա կարեւոր փոխակերպութիւն մըն է որ տեղի ունեցած է անցնող 100-է աւելի տարիներուն ընթացքին, որ նոյնիսկ մեր ինքնահասկացութեան մէջ չենք վերլուծած այս փոփոխութիւններուն նշանակութիւնը մեր այսօուան կեանքին մէջ:

Երկրորդ կարեւոր եւ հսկայական փոփոխութիւնը հայկական պետականութեան վերականգնումն էր, գոնէ 1991-էն ի վեր: Եթէ մինչ այդ՝ 600 տարի պետականութիւն չունէինք, եկեղեցին՝ իբր կառոյց, խաղցաւ ձեւով մը պետականութեան դերը հայ ժողովուրդի կեանքին՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցարական Ռուսաստանի մէջ: Այստեղ նրբութիւն մը կայ որ պէտք է ընդգծուի. Այո՛, եկեղեցին դարերով այդ դերը խաղցեր է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, բայց նաեւ ձեւով մը պարտադրուած պարտաւորութիւն մը եղած է ասիկա պետութիւններու կողմէ: Այսինքն մինչեւ 19-րդ դար ամբողջ աշխարհի մէջ կրօնքը հիմնական դեր կը խաղար, գրեթէ բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ, հետեւաբար մենք եւս նոյն համակարգին մէջ ունեցած ենք նման դրսեւորում: Բայց 21-րդ դարուն երբ կը խօսինք մեր եկեղեցւոյ կամ ազգ. կառոյցներուն մասին, տակաւին 19-րդ եւ 20-րդ դարու կէսերու կաղապարին մէջ է որ կը տեսնենք կամ այդ շրջագիծի մէջ է որ կը փորձենք հասկնալ: Հոս է որ հասկացութեան բախումներուն հետ դէմ հանդիման կը գտնուինք: Հասարակութիւնը 21-րդ դար կ’ապրի, կառոյցները իրենք զիրենք կը դրսեւորեն նախկին հասկացութիւններով, հոս է որ կը գոյանայ բախումը: Կը կարծեմ որ  այսօրուան ընդհանուր պատկերը այս պատմական զարգացումներն են, որոնք պէտք է նկատի առնենք եթէ կ’ուզենք աւելի առաջ երթալ եւ հարցերը, որ ունինք, կարգաւորել աւելի դրական իմաստով, որովհետեւ եթէ պէտք է լուծումներ գտնենք, պէտք է մտածենք ինչ ազդեցութիւն կամ ներգործութիւն կրնան ունենալ այդ լուծումները: Այլապէս կարելի է շատ յայտարարութիւններ ընել, բայց վերջաւորութեան ոչինչ ստանալ:

«ՆՅ».- Փակագիծ մը բանամ այս ակնարկիդ հիման վրայ, ըսելով որ հայ առաքելական եկեղեցին եւս օգտագործուած է իբր քաղաքական միջոց տիրապետելու եւ կառավարելու հայ համայնքը: Մենք չէ որ որոշած ենք այդպէս ըլլալ, այլ մեզի պարտադրուած է այդ պարագան: Այսօրուան քաղաքական դրութիւնը նկատի ունենալով, կրօնքը եւ հայ եկեղեցին իբր կրօնական հաստատութիւն գիտակի՞ց է այս երեւոյթին եւ որքանո՞վ կրնայ շրջանցել կամ դուրս գալ կամ այնպիսի գործառոյթներ կատարել որոնք բարոյական արժէքներու, փիլիսոփայական արժէքներու սահմանին մէջ կը գործեն եւ իսկական կազմակերպչական կարողութիւն մը կ’ունենան, որ հայութիւնը կարենայ Սփիւռքի մէջ իր տեղը գտնել եւ ընդհանուր զարգացման հոսանքներէն դուրս չմնալ:

Հ. Չ.- Առնենք 21-րդ դարու հայ Սփիւռքը: Որպէս երրորդ փոխակերպութիւն նշեմ որպէս շարունակութիւնը վերը նշուած երկուքին, Սփիւռքի արեւմտայնացումն է, այսինքն վերջին 50 տարուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մեր համայնքներուն հոսքը դէպի արեւմուտք՝ տարբեր պատճառներով: Եթէ այս իրականութիւնը նկատի ունենանք մենք Միլլէթ համակարգի մէջ չենք ապրիր այլեւս, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներուն մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ տակաւին այդ համակարգին մնացորդները կան, որովհետեւ իսլամ երկիրներուն մէջ հայութիւնը կամ քրիստոնէաները տակաւին կ’ապրին որպէս կրօնական փոքրամասնութիւններ եւ պետութիւնը զիրենք կը տեսնէ իբր այդ: Բայց այսօր Սփիւռքի մեծամասնութիւնը կ’ապրի արեւմուտքի մէջ: Այստեղ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վրայ որեւէ պարտաւորութիւն չէ դրուած, որ հայութիւնը ներկայացնէ այդ երկրի պետութեան մօտ կամ քաղաքական այդ գործառոյթներուն մէջ մտնէ, որովհետեւ բաժնուած է եկեղեցի եւ պետութիւն: Ահաւասիկ մենք Սփիւռքի մէջ այսօր ունինք լրիւ ուրիշ պատկեր մը, իրականութիւն մը: Այսօր եկեղեցին որպէս բարոյականութիւն, որպէս հաւատք, որպէս քրիստոնէութիւն, որպէս արժեհամակարգ ի՞նչ պիտի փոխանցէ եւ ինչպէ՞ս պիտի փոխանցէ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մարդուն: Աս է ամենամեծ խնդիրը եւ մարդոց սպասմունքը:

Օրինակի համար՝ Հայաստանի մէջ անընդհատ կը խօսուի «ազգային արժեհամակարգի», «ազգային արժէքներու» մասին, բայց ես գրեթէ չեմ լսած որո՞նք են այդ արժէքները: Կը խօսինք ընդհանուր վերացական ստորոգելիներու մասին, բայց չենք գիտեր որո՞նք են մեր ազգային փոխանցելի արժէքները: Գալով եկեղեցիին, եկեղեցին յստակ առաքելութիւն մը ունի, սկիզբէն ունեցած է յստակ հոգեւոր քրիստոնէական քարոզչական առաքելութիւն մը եւ այսօր դժուար է ըսել, թէ յստակ ի՞նչ է այդ առաքելութիւնը 21-րդ դարուն: Հոս է որ, իմ փորձառութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ, Սփիւռքի մէջ գոնէ մարդիկ կը սպասեն որ եկեղեցին ա՛յդ դերը խաղայ՝ արժեհամակարգը ձեւաւորելու, պահպանելու, կենսունակ պահելու դերին մէջ մնայ եւ ոչ թէ քաղաքական կամ աշխարհիկ դերերուն մէջ աւելի ծաւալ ունենայ իր աշխատանքներով:

Տեսակցեցաւ՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930