Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Առաջին անգամը չէ, որ վարչապետը կամ նախագահը կը դիմէ սփիւռքահայութեան. «Նոր Յառաջ»

Մարտ 03,2017 11:03 Share

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Փետրուար 27ին հանդէս եկաւ սփիւռքահայութեան ուղղուած կոչով մը, ուր զայն կը հրաւիրէ «մասնակից ըլլալու հայրենիքի ապագայի կառուցման». ան կը շեշտէ, թէ իրավիճակը «կրնանք փոխել միայն մեր ուժով եւ մեր խելքով», անդին կը խոստովանի՝ ըսելով. «Կը գիտակցինք թերութիւններուն, եւ հերթական սխալները կրկնելու իրաւունք չունինք այլեւս»: Գլխաւոր նպատակը՝ «կառավարման նոր մշակոյ»չ բերելն է երկրէն ներս: Ան թիրախ ընտրած է զարգացման յատկապէս երեք բնագաւառ՝ տնտեսականը, առողջապահականը եւ կրթականը: Սրտառուչ կոչը կ՛աւարտի «Միասին ստեղծենք այնպիսի հայրենիք, որ աշխարհի մէջ մեզ հպարտութեամբ հայ կոչենք» նախադասութեամբ:

Առաջին անգամը չէ, որ վարչապետը կամ նախագահը կը դիմէ սփիւռքահայութեան: Սակայն այս անգամ կոչը ընդհանրական է, աւելի մշակուած ու նրբանկատ: Սփիւռքը բացէ ի բաց «կթան կով»ի տրամադրութեամբ չէ դիտուած: Տնտեսականին կողքին, աւելցուած են առողջապահական ու կրթական կալուածները: Շեշտը դրուած է կառավարման մշակոյթին վրայ: Նկատի առնուած է նաեւ սփիւռքահայութեան գլխաւոր քննադատութիւնը՝ այն, որ Հայաստան իր քաղաքական վարքագիծով ոչ միայն դադրած է հայութեան համար հպարտութեան աղբիւր ըլլալէ, այլեւ ընդհակառակն՝ խուսափումի, ամօթի խորհրդանիշ դարձած է:

Այս բոլորով հանդերձ, կարեւորագոյն խնդիրը, որ կոչին կեդրոնը զետեղուած է՝ կառավարման նոր մշակոյթ ստեղծելու հրամայականն է: Սփիւռքը կրնայ տնտեսական եւ այլ ոլորտի կառոյցներու կառավարման մէջ իր փորձագիտութիւնը փոխանցել կամ կիրարկել: Սակայն յստակ է, որ անիկա պետութիւն կառավարելու մշակոյթը, փորձառութիւնը չունի: Քաղաքական, կուսակցական իր փորձը կը մնայ սահմանափակ: Դիմացինին քաղաքացիական իրաւունքներուն տէր կանգնելու փորձառութիւնը ունի: Արեւմուտքի մէջ՝ բաց, ազատ ու ժողովրդավար համակարգերու մէջ ապրած է:

Մէկ խօսքով, վարչապետին հրաւէրը կ՛ընդգրկէ տնտեսական, բժշկական, կրթական ոլորտներուն մէջ կառավարման փորձը, որ բնականաբար զանց կ՛առնէ քաղաքականն ու ընկերայինը՝ ամէնէն փխրուն, զգայուն ու փոփոխութեան կարօտ երկու կալուածները, որոնք թէ՛ սփիւռքահայուն, թէ՛ հայաստանցի քաղաքացիին հպարտութեան լաւագոյն կռուանները պիտի հանդիսանային:

Այսպիսով յստակ չէ, թէ ո՞ր թերութիւններուն կ՛ակնարկէ վարչապետը, որոնց գիտակցած են պատկան մարմինները: Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան նոր պայմանագիր մը ստորագրած է, որուն մէջ շատ յստակօրէն կը նշուին այն բնագաւառները, որոնք բարեկարգումի կը կարօտին՝ դատաիրաւական համակարգը, մարդկային իրաւունքները, կաշառակերութեան դէմ պայքարը եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններու ապահովումը:

Սփիւռքահայութեան հայրենասէր հատուածը անկախութեան առաջին օրէն արդէն գործի լծուած է՝ առանց կոչի սպասելու, Հայաստանին օգտակար ըլլալու տրամադրութեամբ: Ուրիշներ, անկախութեան 25 տարիներու երկայնքին ուսումնասիրած են ներդրումի հնարաւորութիւնները եւ փորձեր կատարած: Բազմաթիւ յաջողութիւններու կողքին եղած են նաեւ բազմաթիւ յուսախաբութիւններ: Ուրեմն, բանն ինչո՞ւմն է, որ տակաւին Հայաստանի վարչապետը կը յամառի կոչ յղելու սփիւռահայութեան, որպէսզի անիկա նպաստէ հայրենիքի զարգացման:

Սփիւռքահայը, առանց սպասելու վարչապետին եւ այլ բարձրաստիճան պետական մարդոց յորդորներուն, ըստ իր խիղճին եւ կարողութեան՝ նպաստը կը բերէ արդար ու ազատ Հայաստանի կառուցման: Նոյնիսկ քաղաքական մարզէն ներս: Ա՛յս է պատճառը, որ խումբ մը արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերահսկելու կոչ յղեցին սփիւռքահայութեան, որպէսզի ընտրական համակարգի կառավարման իրենց քաղաքացիական մշակոյթը բաժնեն հայաստանցի քաղաքացիին հետ:

 

«Նոր Յառաջ»ի գլխաւոր խմբագիրն է ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031